
Համազգայինի «Գայիանէ» պարախումբի 245 աշակերտներ ` տարբեր տարիքային խմբաւորումի պատկանող, Հինգշաբթի, 27 եւ Ուրբաթ, 28 Յունիս 2019-ի երեկոյեան շուրջ մէկուկէս ժամ կլանուած պահեցին «Էմիլ Լահուտ» սրահը լեցուցած ծնողները, հիւրերը, արուեստասէրները: Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի հովանաւորութիւնը վայելող այս տարեկան ելոյթները եկան Համազգայինի գեղարուեստական դպրոցներուն տարած աշխատանքին լաւագոյն պսակադրումը ըլլալու եւ բարձրաձայն յայտարարելու, որ նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն նկատմամբ մեր հաւատքը պէտք է վառ մնայ, որովհետեւ անոնք գիտեն` հայկական երաժշտութեան կշռոյթով պար բռնել, Ամենայն Հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի «Կաթիլ մը մեղր» թատրերգութեան շունչ ու ոգի տալ, հայկական մաքուր միջավայրի մէջ ըլլալու հաճոյքով հասակ նետել, համարձակօրէն բեմ բարձրանալ եւ իրենց տաղանդները բացայայտել:
Այս բոլորը` շնորհիւ Համազգայինի Լիբանանի կառոյցի պատասխանատուներուն, անոնց շուրջ համախմբուած կամաւոր բանակին, ինչպէս նաեւ ու յատկապէս` պարուսոյցներ տէր եւ տիկին Կարէն եւ Ժագլին Մակինեաններու. անոնց եւ աշակերտներուն միջեւ եղած սերտ ու հարազատ յարաբերութեան դրսեւորումը յստակ էր ամբողջ ելոյթին ընթացքին եւ աւելի շեշտուեցաւ աւարտին, երբ անոնք եւս բեմ բարձրանալով, միացան իրենց աշակերտներուն` յաջողութիւնը միասին տօնելու:
Դիւրին է խօսիլ այն մասին, որ այսքան մեծ թիւով փոքրեր, պատանիներ եւ երիտասարդութեան դռները հասած տղաք ու աղջիկներ հերթաբար բեմին վրայ պիտի յայտնուին` ամբողջ ամիսներ իրենց սորվածը հանրութեան ներկայացնելու, սակայն պահ մը պէտք է երեւակայել, թէ որքա՜ն մեծ ճիգի, աշխատանքի ու համագործակցութեան կարիք կայ, որ այդ 245 տղաքն ու աղջիկները կարենան այնքան կանոնաւոր կերպով, կազմակերպուած, թատերական ներկայացման ընդհանուր պարունակին տակ համադրած թեմաներով բեմ բարձրանալ ամենայն ճշգրտութեամբ, համապատասխան տարազներով ու դիմայարդարումով, պարային տպաւորիչ ներդաշնակութեամբ եւ գրաւեն սրահ մը ամբողջ, ուր կան տարբեր մասնագիտութեան տէր, տարբեր տարիքի անձնաւորութիւններ, որոնք բոլորն ալ զանազան առիթներով բուռն ծափողջոյններով իրենց գնահատանք ու արժեւորումը արտայայտեցին: