
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Գանատայի շրջանի 31-րդ ներկայացուցչական ժողովը տեղի ունեցաւ 23-24 Յուլիս 2011 շաբաթավերջին, Թորոնթոյի բարեզարդուած Հայ Կեդրոնէն ներս, ներկայութեամբ՝ Գանատայի 2010-2011 տարեշրջանի Շրջանային Վարչութեան կազմին, Մոնթրէալի «Սանահին» եւ Թորոնթոյի «Գլաձոր» մասնաճիւղերու կողմէ լիազօրուած 11 պատգամաւորներու, վերոյիշեալ մասնաճիւղի վարչութիւններու ներկայացուցիչներուն, հրաւիրեալներու, ինչպէս նաեւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ Սիմոն Հասըրճեանի եւ ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Պէքմէզեանի:
Ժողովը բացուեցաւ Շաբաթ օր, կէսօրուան մտերմիկ հիւրասիրութենէ մը ետք: Օրակարգի ընթացքին խօսք առին ընկերներ Րաֆֆի Պէքմէզեան եւ Սիմոն Հասըրճեան, անդրադառնալով Համազգայինի առաքելութեան եւ հայապահպանման կարեւոր դերին, մանաւանդ հայրենիքէ հեռու՝ գաղթօճախներէն ներս: Ընթացիկ օրակարգերու կողքին, որոնց մաս կը կազմէին հրատարակչականի, գրատարածի, Բագինի, Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքի եւ ընդհանուր քարոզչականի հետ առնչուող նիւթերը, ժողովը կեդրոնացաւ շարքերու խտացման, երիտասարդ տարրին ներգրաւման կարեւորութեան ու անոնց հետ առնչուող յառաջիկայ քայլերուն վրայ: Նաեւ, ժողովականները արծարծեցին կորիզներու վերաշխուժացումը, մանաւանդ Գէյմպրիճի եւ Վանգուվըրի մէջ, ուր մշակոյթի պահպանման հանդէպ գաղութներու հետաքրքրութիւնը եւ մշակութային գործունէութեան կարիքը ակնյայտ են:
Երեկոյեան, ընթրիքի շուրջ, խանդավառ մթնոլորտի մէջ, ժողովականները առիթը ունեցան յաւելեալ գաղափարներ փոխանակելու եւ փոխ-յարաբերութիւններ մշակելու: Ժողովը շարունակուեցաւ Կիրակի առաւօտեան, «ֆուլ»ի եւ «մամունիէ»ի նախաճաշէն ետք: Վերջին օրակարգով, ժողովը ամբողջացուց Համազգայինի Գանատայի շրջանի 2011-2012 տարեշրջանի վարչութեան ընտրութիւնը՝ հետեւեալ ձեւով.-
Ընկերներ՝ Յարութ Ֆռունճեան (Մոնթրէալէն) եւ Սիւզի Նաճարեան (Թորոնթոյէն) կը շարունակեն իրենց ընտրական երկրորդ տարեշրջանը: Ընկհ. Էփի Հաժժար (Մոնթրէալէն) կ'ընտրուի եւ ընկերներ՝ Ռիթա Շամլեան (Մոնթրէալէն) եւ Թամար Տօնապետեան (Թորոնթոյէն) կը վերընտրուին:
3 Օգոստոս 2011-ին, նորընտրեալ վարչութեան առաջին նիստին, վարչական պարտականութիւնները բաժնուեցան հետեւեալ ձեւով.-
Յարութ Ֆռունճեան՝ ատենապետ
Ռիթա Շամլեան՝ ատենադպրուհի
Էբի Հաժժար՝ գանձապահ
Սիւզի Նաճարեան՝ խորհրդական ՚
Թամար Տօնապետեան՝ խորհրդական:
Նորընտիր վարչութիւնը, վերանորոգուած թափով կը շարունակէ նեցուկ կանգնիլ մասնաճիւղերուն, ինչպէս նաեւ խթանը հանդիսանալ մշակութային եւ կրթական մարզերուն մէջ արժէք ներկայացնող նախաձեռնութիւններու, Գանատայի տարածքին:
Համազգայինի Գանատայի Շրջանային Վարչութիւն