
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Գանատայի շրջանի 40-րդ միօրեայ ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ 17 Օգոստոս 2019-ին, Քինկսթընի Delta Hotels Kingston Waterfront ժողովասրահին մէջ։ Ժողովին ներկայ էին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Վիգէն Թիւֆէնքճեան, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Վահէ Յակոբեան, Համազգայինի Գանատայի շրջանային վարչութեան անդամները, Սանահին եւ Գլաձոր մասնաճիւղերէն ներկայացուցիչներ։
Օրակարգի աւարտին, ժողովը կատարեց 2019-2020 տարեշրջանի Գանատայի Շրջանային վարչութեան կազմի լրացուցիչ ընտրութիւնը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք վարչական կազմը.
Ծովիկ Գահվէճեան՝ ատենապետ
Մեղեդի Էթիեմեզեան՝ ատենադպիր
Սալբի Մարգարեան՝ գանձապահ
Մարալ Պէրպէրեան՝ խորհրդական
Սիւզի Նաճարեան՝ խորհրդական
Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութիւն