
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի գեղարուեստի դպրոցի խնամակալութեան, Երեքշաբթի, 3 Մայիս 2011-ին, «Լա Մարինա»ի մէջ տեղի ունեցաւ գեղարուեստի դպրոցի գարնանային ձեռնարկը` նախագահութեամբ Թալին Խաչատուրեանի, ներկայութեամբ պաշտօնական հիւրերու եւ Համազգայինի բարեկամներու ու ծնողներու:
Խնամակալութեան անունով խօսք առաւ Հուրի Միքայէլեան, որ ըսաւ, թէ կարծես աւանդութեան վերածուած է այս տարեկան «պրանչ» հանդիպումը. գարնան տեղի ունեցող այս ձեռնարկը ունի իւրայատկութիւն, որովհետեւ գարունը եւ արուեստը իրենց բոլոր ծալքերով շաղկապուած են:
Միքայէլեան աւելցուց, որ գարնան առաւօտը մեղեդի մըն է, որ ջութակի լարերուն վրայ աղեղի օգնութեամբ կը վերացնէ մեզ` տանելով հոն, ուր կը տեսնենք մեր դպրոցներու վերելքը եւ յաջող աւարտական աշակերտներու խումբը:
Ապա օրուան յայտագիրը ներկայացուց Մարալ Հարպոյեան` մէջբերելով Լեւոն Շանթի խօսքերը: Ան ըսաւ, որ Համազգայինը մեր ժողովուրդի յանձնառու առաքեալն է, որ մշակութային արժէքներուն նկատմամբ ամուր հաւատքով մեր կեանքին մէջ կը շարունակէ եւ պիտի շարունակէ իր երթը:
Հարպոյեան ըսաւ, որ մայիսը մայրերու ամիս է: Մօր անսակարկ սիրոյ ծով նուիրաբերութեան, աննկարագրելի զոհողութիւններուն եւ անվերջ գուրգուրանքին առջեւ կարելի չէ ծունկի չգալ եւ չհամբուրել մանուկին ծնունդէն մինչեւ կեանքի աւարտը անոր ձեռքերը սեղմած, ուժ, կորով ու հաւատք ներշնչած մօր ձեռքերը:
«Բիւր յարգանք եւ երախտագիտութիւն հայութեան ճրագը բոցավառ պահած ու զայն յաջորդ սերունդներուն փոխանցած հայ մայրերուն», աւելցուց Հարպոյեան:
Ապա Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցի ուսուցիչ, արուեստագէտ ջութակահար Յովիկ Գարախանեան նուագեց երաժշտական կտորներ:
«Նեսլէ» ընկերութիւնը իւրաքանչիւր ներկայի տրամադրեց խոհագիրներու յատուկ գրքոյկ մը, ապա խոհարարը ներկայացուց առողջարար եւ համեղ անուշեղէններու խոհագիր մը: Այնուհետեւ յայտագիրի երկրորդ բաժինով անգլերէն, իտալերէն եւ հայերէն երգերով ելոյթ ունեցաւ Ցոլինէն:
Յայտագիրի աւարտին տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն, ինչպէս նաեւ նուիրատուութիւն: Ներկաները բաժնուեցան` յաջողութիւն մաղթելով Համազգայինի մեծ ընտանիքին եւ յատկապէս գեղարուեստի դպրոցի իւրաքանչիւր միաւորի ու գեղարուեստի դպրոցի խնամակալութեան։