
Ուրբաթ, 27 Յունուարի 2023-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը, Շրջանային վարչութեան եւ Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան դիւանները, Շրջանային վարչութեան մօտ Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչը, Գեղարուեստի դպրոցներուն մօտ խնամակալութեան ներկայացուցիչը, կրթական եւ վարչական տնօրէնները, այցելեց Լիբանանի մշակոյթի նախարարութիւն, ուր տեղի ունեցաւ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու եւ նախարարութեան միջեւ փոխըմբռնման յուշագիրի (MOU) ստորագրութիւն: Այս համաձայնագիրով Համազգայինի եւ մշակոյթի նախարարութեան միջեւ արուեստի ու մշակոյթի տարբեր բնագաւառներուն մէջ համագործակցութեան նոր առիթներ պիտի ստեղծուին, նաեւ` այս յուշագիրին հիմամբ, այսուհետեւ գեղարուեստի դպրոցները («Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճ, «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի եւ կարպետի դպրոցներ, «Գայեանէ» պարարուեստի եւ պալէի դպրոցներ, «Կարկաչ» երգչախումբ, «Արեգ» թատերական դպրոց) կը ճանչցուին մշակոյթի նախարարութեան կողմէ: