
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու ծնողական յանձնախումբին, չորեքշաբթի, 12 Մարտ 2008-ին, Եղիշէ Մանուկեան ազգային քոլէճի «Ս. Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պահքի առիթով ընկերային հանդիպում մը, որուն կը նախագահէր Ցոլինէ Խաչատուրեան:
Հաւաքին բացման խօսքը՝ ծնողական յանձնախումբին անունով արտասանեց Զանի Շահինեան-Մեսրոպեան, որ առաջին հերթին նշեց, թէ հայ ժողովուրդի գոյատեւման գործընթացին մէջ մշակոյթը մեծ դերակատարութիւն ունեցած է:
Ան՝ անդրադառնալով Համազգայինի 80-ամեակին, ըսաւ, որ միութիւնը իր գործունէութեան ընթացքին տարբեր միջոցառումներով կրցած է ստեղծել մշակութային առողջ մթնոլորտ մը, որուն իբրեւ արդիւնք՝ կարելի եղած է պահպանել հայկական արժէքները:
Զանի Շահինեան-Մեսրոպեան շեշտեց, թէ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու ծնողական յանձնախումբը կը միտի նիւթապէս եւ բարոյապէս նեցուկ կանգնիլ դպրոցներուն:
Օրուան բեմավարն էր Սեւան Կարապետեան-Ադամեան, որ ներկաներուն ծանօթացուց հայկական տարբեր գաւառներու տարազները: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ցոլինէ Խաչատուրեանին, նուիրատուներուն ու մասնակից ծնողներուն, որոնց աչալուրջ օժանդակութեամբ կարելի կþըլլայ յաջողութեամբ պսակել շարք մը նախաձեռնութիւններ:
Գեղարուեստական յայտագիրին իր մասնակցութիւնը բերաւ Քարմէն Աճէմեան, որ հայկական ժողովրդային երգերով ճոխացուց մթնոլորտը: