
«Ազդակ» օրաթերթ.- Բարձր հովանաւորութեամբ Արամ Ա կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ «Թռչնոց բոյն»-ի տիկնանց միութեան, Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը Ս. Ծննդեան իր առաջին համերգը ներկայացուց Ժիպէյլի Մար Եաագուպ եկեղեցւոյ մէջ, Կիրակի, 29 Դեկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին: Խմբավարութեամբ մայեսթրօ Գրիգոր Ալոզեանի եւ երգեհոնի նուագակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի, համերգը կ՛ընդգրկէր հարազատ աւանդական շարականներ Ս. Ծննդեան ծիսական երգեր, աւետիսներ եւ Կոմիտասի Ս. Ծննդեան հաւաքածոներէն: Նաեւ ասորերէն, լիբանանեան խօսակցական արաբերէնով եւ անգլերէն տօներգեր ու շարականներ:
Համերգի ընթացքին հանդէս եկաւ ազգային տուտուկը եւ դասական ջութակը` գուսանականներ Նաթալի Աբոքեանի ու Ռիթա Աստիկեանի կատարողութեամբ: Օրուան մենակատարներն էին սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան եւ Աւետիս Ագրապեան: Համերգի արաբերէն բացատրութիւնները ներկայացուցին ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արարատ» կորիզի անդամները:
Համերգին ընթացքին խօսք առին Մարոնիներու Ժիպէյլի առաջնորդ Միշել Աուն եպիսկոպոսը, Ժիպէյլի քաղաքապետը եւ երկու թաղապետներ: Նաեւ խօսք առաւ «Թռչնոց բոյն»-ի ընդհանուր տնօրէն ու տեսուչ Մեղրիկ եպս. Բարիքեան, որ պարգեւատրեց Մարի Շամին` տարիներու իր ծառայութեան համար, եւ գնահատեց Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը եւ անոր խմբավարն ու անդամները:
Համերգին մանրամասնութիւններուն կ՛անդրադառնանք հետագային: