
Երկուշաբթի, 6 Դեկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Հայ կաթողիկէ Սուրբ Եղիա-Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Պէյրութ Չենց» փառատօնի ծննդեան համերգներէն մէկը` վերնագրուած «Արմինիըն քորտըզ», կատարողութեամբ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբին, ղեկավարութեամբ մայեսթրօ Գրիգոր Ալոզեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ օրդ. Յասմիկ Գասպարեանի:
Համերգին ներկայ էին Լիբանանէն ու տարբեր երկիրներէ ժամանած անձնաւորութիւններ, դեսպանութեանց ներկայացուցիչներ, եկեղեցականներ, Լիբանանի Համազգայինի Շրջանային վարչութեան գեղարուեստի ղեկավարներ, համազգայնականներ, երաժշտասէրներ եւ «Գուսան»-ի բարեկամներ:
Իւրայատուկ այս համերգը կը բաղկանար երեք մասերէ.
Առաջին բաժինը ըլլալով ազգային նուագարանական` սրինգի, շուիի եւ տուտուկի փունջ մը հայկական դասական եւ ժողովրդային մեղեդիներով հանդէս եկաւ Գէորգ Քէշիշեան, Արէն Տօներեանի դաշնամուրի ընկերակցութեամբ: