Միջին Արեւելք
Շրջանային Վարչութիւններ

Հովանաւորութեամբ եւ օժանդակութեամբ Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպանատան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Կիրակի, 4 Դեկտեմբեր 2022-ին երեկոյեան ժամը 6:00-ին Ժմմէյզէի Մար Մարուն եկեղեցւոյ մէջ ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը` Ս. Ծննդեան «Weihnachtsfarben – Ծննդեան գոյներ» խորագիրը կրող համերգով, խմբավարութեամբ մայեսթրօ Գրիգոր Ալոզեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի եւ Ալեքս Սուսանիի:
Մեծաթիւ երաժշտասէր բազմութեան կողքին, ձեռնարկին ներկայ էին` երեք յարանուանութեան ներկայացուցիչները, պետական երեսփոխաններ, դեսպաններ, նախկին նախարարներ, դեսպանատուներու կցորդներ, հայ եւ օտար պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ: