
«Հայրենիք».- «Ուրախ եմ, որ հնարաւորութիւնը ունեցայ հանդիպելու ստեղծագործ հայերու հետ» գրեց Թորոնթոյէն Լենա Թաշճեան, աւարտին՝ իր տպաւորութիւնները բաժնելով մեզի հետ։ Յիրաւի է, որ ստեղծագործ, եռանդուն երիտասարդներուն եւ հմուտ վարիչներուն մասնակցութիւնը իր որոշիչ դերը ունեցաւ Համազգայինի Երիտասարդական Ցանցի երկրորդ հաւաքին՝ Hamazkayin ArtLinks 2016-ի յաջողութեան մէջ։
Համազգայինի Հիւսիսային Ամերիկայի երեք շրջանային վարչութիւններուն կազմակերպութեամբ՝ վերոյիշեալ Հաւաքը գերազանցեց բոլորին ակնկալութիւնները, անմոռանալի պահեր ընծայելով ԱՄՆի արեւելեան եւ արեւմտեան կողմերէն, ինչպէս նաեւ Գանատայի Թորոնթօ եւ Մոնրէալ քաղաքներէն ժամանած մշակութասէր երիտասարդներու։
Ժամանում
Օրը՝ Հինգշաբթի, 30 Յունիս 2016: Երեկոյեան, Թորոնթոյի մասնակցողները հասան Auberge du Mont-Lanaudière, Saint-Gabriel-de-Brandon վայրը, ուր արդէն ժամանած էին Համազգայինի Գանատայի, ԱՄՆու Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջանային վարչութիւններուն եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչները, Հիւսիսային Ամերիկայի գրասենեակին գործավարն ու Բագին պարբերաթերթի խմբագիրը։
Բազմասենեակ ու ընդարձակ տան շուրջը պատող ծառ-ծառաստանն ու մեղմ զեփիւռը պատեհ առիթ ստեղծած էին բոլորին, որպէսզի պահ մը դադար առած իրենց աշխատանքէն՝ դուրսը նստին եւ Քէպէքի այս շրջանին բնութիւնը վայելեն, հոգ չէ թէ մժեղն ու մոծակը անխուսափելի այցելութիւններ տային մերթ ընդ մերթ։
Ներսը՝ սեղաններու վրայ, խնամքով պատրաստուած թղթածրարներն ու Հաւաքին յատուկ զգեստները կը սպասեն մասնակցողներուն։ Սենեակներու դասաւորումին գլուխը կ՚անցնինք ու քիչ անց արդէն կը հասնին մնացեալը, խմբակ առ խմբակ մինչեւ կը ժամանէ Սուրբ Յակոբ վարժարանի «օթոպիւս» հանրակառքը, դուրս կու գան ԱՄՆէն ու Մոնրէալէն մասնակցողները ու ապա՝ ճաշի ու խմիչքի սնտուկները։ Սենեակներու դասաւորումէն ետք, կ՚անցնինք երեկոյի պատրաստութեան։ Մեր սիրելի խոհարարը՝ Լեւոն Գաբրիէլեանը յաջորդ առաւօտեան կանուխ ժամերուն պիտի հասնի. մինչ այդ, խոհանոց կը խուժենք ու սառնարանէն դուրս կու գան այդ երեկոյին համար նախատեսուած ճաշերը։ Յանձնախումբ թէ մասնակցող՝ միասնաբար կ՚աշխատին ու ահա սեղաններու շարքը պատրաստ է արդէն ու բոլորը նստած շուրջը՝ կը զրուցեն։
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ:
Թամար Տօնապետեան Գուզուեան