
Եութլինքսի երրորդ օրը սկսաւ անձրեւային եղանակով։ Մասնակիցները դիտեցին Սէրուժ Յովսէփեանի կողմէ պատրաստուած «Նահապետ» կարճ շարժապատկերը, որ գեղարուեստական եւ խորհրդանշական ոճով կ’անդրադառնար հայ երիտասարդի մը ներքին պայքարին եւ անոր առնելիք բարդ որոշումին, նոր պատահած ցեղասպանութենէ մը ետք։
Ապա Վիեննայի տեսարժան վայրերէ անցնելով եւ ճաշելէ ետք, խումբը այցելեց Մխիթարեան միաբանութեան եկեղեցին, կեդրոնն ու թանգարանը, ուր դիմաւորուեցաւ Հայր Վարդան վրդ. Յովակիմեանի կողմէ, որ ներկայացուց Մխիթարեան կեդրոնի մշակութային արժէքն ու հարստութիւնը: Միաբանութեան կեդրոնը չափազանց մեծ տպաւորութիւն ձգեց մասնակցողներուն վրայ, անոնք հիացմունքով արժեւորեցին կեդրոնին հարսութիւնն ու մշակութային հսկայական ժառանգութիւնը:
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան Եութլինքսի ներկայացուցիչ Յասմիկ Շահինեան Եութլինքսի յանձնախումբին անունով շնորհակալագիր մը յանձնեց Հայր Վարդան վրդ. Յովակիմեանին եւ կեդրոնին նուիրուեցաւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի հրատարակութիւններէն`Վտանգուած ժառանգութիւն Ա. հատոր։
Դարձեալ Հաւաքի յանձնախումբի անունով շնորհակալագիրներ եւ յիշատակելի նուէրներ յանձնուեցան բոլոր դասախօսներուն եւ կազմակերպողներուն, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր մասնակից ստացաւ հաստատագիր մը իր մասնակցութեան համար։
Երեկոյեան ժամերուն տեղի ունեցաւ հրաժեշտի ընթրիք։
Համազգայինի Եւրոպայի Ուսանողական Հաւաքին (Եութլինքս) փակումը կատարուեցաւ Կիրակի, 5 Մայիս 2025-ին: Վիեննայի մէջ հաւաքուած 20 երիտասարդ ուսանողներ եռօրեայ աշխատանոցներով, մշակութային դասախօսութիւններով տրուած գիտելիքներով, պտոյտներով եւ ընկերային մթնոլոտով յագեցած բաժնուեցան իրարմէ: