
Հալէպահայ մշակութային կեանքին մէջ իւրայատուկ տեղ գրաւած է Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը, ուր իրերայաջորդ սերունդներ ծանօթացած են ոչ միայն հայ, այլեւ օտար ժողովրդական, դասական երգարուեստին։
Տարիներ շարունակ զուարթնոցականները հայ եւ արաբ հանդիսատեսին ներկայացուցած են Կոմիտասի, Տիգրան Չուխաճեանի, Արմէն Տիգրանեանի, Թաթուլ Ալթունեանի, Բարսեղ Կանաչեանի, Քրիստափոր Կարա Մուրզայի եւ այլ հանճարներու ստեղծագործութիւնները, ըմբոշխնած են տեղացի եւ հայրենի վաստակաւոր խմբավարներու մասնագիտական ցուցմունքները։ Այս բոլորին կողքին «Զուարթնոց»-ը եղած է խորագիրը մեծ ընտանիքի մը, որուն յարկին տակ մշակութային շունչով ընկերային ջերմ ու անքակտելի կապեր հաստատուած են տարբեր սերունդներու միջեւ։
Ըստ «Գանձասար»-ի՝ այս տարի երգչախումբը կը բոլորէր իր հիմնադրութեան 50-ամեակը։ Այս առիթով կազմակերպուած բարձրորակ համերգի վերջին երգի կատարումին մասնակցեցան 50 տարիներու վաստակաւոր երգողներ, խմբավարներ ու դաշնակահարներ։ Պահը որքան յուզմունք, նոյնքան հպարտութիւն կ՚առթէր։ Հպարտութիւն երգչախումբին անխափան երթին, անոր անդամներուն ու խմբավարներուն, դաշնակահարներուն ու վարչականներուն հաւատքով եւ սիրով շաղախուած աշխատանքին ի տես։
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Զուարթնոց» Երգչախումբի Վարչութեան, խմբավարութեամբ Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի, «Զուարթնոց» երգչախումբը հանդէս եկաւ բազմերանգ երգացանկով՝ ոգեւորելով հանդիսատեսն ու երգի ու երաժշտութեան անեզր աշխարհ փոխադրելով ներկաները։