
Երեքշաբթի, 5 Յուլիս 2022-ին Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի աւանդական տարեկան ցուցահանդէսը:
Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի ակադեմիան 34 տարիէ ի վեր կը գործէ եւ տուած է արուեստագէտներ, որոնք իրենց յատուկ տեղը ունին լիբանանահայ հասարակութեան մէջ կամ այլուր: Դպրոցը ունի իր ակադեմական ծրագիրը` տարիքային փուլերով եւ արհեստավարժ ուսուցիչներով:
Հանդիսութեան ընթացքին «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի տնօրէն խորհուրդի ատենապետ Թալին Մոսիկեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն ըսաւ. «Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցին նպատակն է հայ արուեստին շնորհիւ պահպանել հայկական մշակութային արժէքները` նոյն ատեն գծանկարին ընդմէջէն զարգացնելով աշակերտին ինքնուրոյն արտայայտուելու եւ ինքնավստահ դառնալու յատկութիւնները»: