
Ուրբաթ, 4 Հոկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան, Սան Ֆերնանտօ հովիտի «Մելքոնեան» Հայ կեդրոնի «Թիթիզեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շրջանի Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած մշակութային երեկոն, որ նուիրուած էր Լեւոն Շանթի ծննդեան 150-ամեակին:
Ձեռնարկին ներկայ էին մեծ թիւով համազգայնականներ եւ մշակութասէրներ, որոնք եկած էին վայելելու գեղեցիկ եւ յիշատակելի երեկոյ մը:
Մասնաճիւղին ատենապետ Մարալ Դարբինեան բարի գալուստի եւ շնորհակալութեան խօսքերով բացումը կատարեց երեկոյին՝ շեշտելով. «Այս տարի հայ մեծանուն բանաստեղծ, թատերագիր, ուսուցիչ եւ ազգային գործիչ Լեւոն Շանթի ծննդեան մէկ ու կէս դարու յիշատակի եւ ոգեկոչման տարին է. սոյն ձեռնարկը նուիրուած է այս մեծ հանճար հայուն»: Ան նաեւ ամփոփ կերպով անդրադարձաւ Համազգայինի առաքելութեան, որմէ ետք ներկայացուց օրուան առաջին խօսք առնողը՝ ծանօթ հրապարակագիր-մտաւորական Սարգիս Մահսէրէճեանը, որ իր կարգին շնորհաւորեց մասնաճիւղը, որ կը նշէր յոբելենական այս թուականը:
«Շանթի համար կ՛արժէ, որ աւելի լայն տարողութեամբ ձեռնարկներ կամ գիտաժողովներ կազմակերպուին եւ այս երեկոն առիթ է խոնարհելու մեր նորագոյն պատմութեան հանճարներէն մէկուն յիշատակին առջեւ», ըսաւ ան:
Ապա, ան ամփոփ կերպով ներկայացուց Շանթի կենսագրականը եւ ստացած ուսումը՝ նշելով. «Ան ծնած է Պոլիս եւ տարեկից է Կոմիտասի ու Թումանեանի նման հանճարներու: Իսկ ուսումը ստացած է Էջմիածինի ճեմարանը, յետոյ քանի մը փուլով՝ Եւրոպա: Հետեւած է փիլիսոփայութեան, մանկավարժութեան, հոգեբանութեան, հաշուապահութեան, թատրոնի եւ դիւանագիտութեան ճիւղերուն: Ընդհանրապէս եղած է ազատ ունկնդիր, ստացած է միայն մէկ պաշտօնական վկայական՝ հաշուապահութեան մէջ: Իր ուսումնառութիւնը կարելի է նմանցնել մեղուի մը աշխատանքին, որ տարբեր ծաղիկներէ նեկտար կը հաւաքէ մեղր պատրաստելու: Շանթի մեղրը իր վէպերն ու թատերական գործերն են»: