
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղին, Ուրբաթ, 12 Դեկտեմբեր 2008-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Նշան Փալանճեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի նոր ակումբի բացման հանդիսութիւն՝ ներկայութեամբ համազգայնականներու եւ արուեստասէրներու:
Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղի վարչութեան խօսքը փոխանցեց Նորայր Նաճարեան, որ նշեց, թէ Համազգայինի 80-ամեակին ընթացքին սրահի բացումը լաւագոյն զուգադիպութիւնն է՝ շարունակելու համար Համազգայինի ճամբով Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի իրականացուցած երազները:
Ան նշեց, որ «Կոմիտաս» մասնաճիւղը լիբանանահայ գաղութի մշակութային կեանքին մէջ իր համեստ լուման զետեղած է. անոր արխիւներն ու պատմութիւնը իր եռուն գործունէութեան վկայութիւնները կը փոխանցեն:
Նաճարեան նշեց, որ այսօր երիտասարդութիւնը Համազգայինի շարքերուն մէջ ներգրաւելու հիմնական հարց մը գոյութիւն ունի եւ յոյս յայտնեց, որ այս նորոգուած ակումբը այդ գրաւչութիւնը կը յառաջացնէ՝ ստեղծելու համար երիտասարդական առողջ ու արդիւնաբեր մթնոլորտ:
Ապա Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անունով խօսք առաւ Վաչէ Փափազեան, որ նշեց, թէ հակառակ շրջանի հայութեան շարքերու նօսրացման, այսօր Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղը կենդանի է ու գործուն. մասնաճիւղը կþօժտուի նոր ակումբով, որ պիտի լեցնէ նախկին ակումբին կորուստով ստեղծուած պարապը, եւ մասնաճիւղը տակաւին ունի մշակութային կենդանի գործունէութիւն յառաջացնող նոր ծրագիրներ:
Փափազեան շեշտեց, որ երբ պայքարելու կամքը կայ, վատ օրերը կþանցնին, լաւերը կու գան՝ աւելցնելով, որ այսօր ուրախութեան ալիքը կը յաղթանակէ:
Իր խօսքին աւարտին Վաչէ Փափազեան մաղթեց, որ մշակոյթի կերտման ու տարածման պայքարը ամէն տարի աւելի ուժեղ, ամէն տարի աւելի լաւ կազմակերպուած եւ ամէն տարի աւելի ստեղծագործ ըլլայ:
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը փոխանցեց Յակոբ Լատոյեան, որ ըսաւ, թէ «Կոմիտաս» մասնաճիւղի նորոգուած ակումբը պէտք է ստեղծէ մշակութային ազդեցիկ մթնոլորտ մը, որ կարենայ արթնցնել երիտասարդութեան հետաքրքրութիւնները:
Ան յոյս յայտնեց, որ այս ակումբը նաեւ գաղութի մտաւորականներուն «տուն»ը ըլլայ, ուր կը կազմակերպուին հանդիպումներ ու բազմաբնոյթ հաւաքներ:
Իր շնորհաւորական խօսքէն ետք Յակոբ Լատոյեան մաղթեց, որ մասնաճիւղը յառաջիկային ակումբին մէջ արձանագրէ նոր նուաճումներ:
Ձեռնարկը փակուեցաւ Մկրտիչ քհնյ. Քեշիշեանի «Պահպանիչ»ով:
(Ազդակ օրաթերթ)