
Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի տօնակատարութիւններուն ծիրին մէջ, Կիրակի, 9 Օգոստոս 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան «Գուսան» երգչախումբին ելոյթը, խմբավարութեամբ` Գրիգոր Ալլոզեանի, Մուսա լերան հերոսամարտի նահատակ Յաբէթ Վանայեանի յիշատակին:
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Համազգայինի Այնճարի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ:
Վարչութեան անունով ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Սեւան Ադամեան: Ան ըսաւ, թէ երբ մուսալեռցին Այնճար հաստատուեցաւ, կարիքը զգաց հիմը դնելու մշակութային միութեան մը, որպէսզի նոր սերունդը չձուլուի եւ աւելիով կապուի իր ազգին ու իր հայրենիքին: Այդ պատճառով 1971-ին հիմը դրուեցաւ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին, որ կազմակերպեց եւ տակաւին կը կազմակերպէ Այնճարի մշակութային կեանքն ու ձեռնարկները` հիմնելով թատերախումբեր, պարախումբեր, երգչախումբեր, գեղանկարչական դպրոց եւ ասմունքի խմբակ: