
Կազմակերպութեամբ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան, Հինգշաբթի, 12 Նոյեմբերի 2009ին, երեկոյեան ժամը 6.30ին, Պուրճ Համուտի «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի բացման հանդիսութիւնը եւ Կիւվտերի գործերուն ցուցադրութիւնը ներկայութեամբ դեսպաններու, երեսփոխաններու, նախարարներու, հոգեւորականներու, քաղաքական գործիչներու ու դիւանագէտներու, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, հայ թէ օտար արուեստագէտներու, կրթական պատասխանատուներու եւ արուեստասէր հոծ բազմութեան մը:
Բացման հանդիսութեան խօսք առաւ Համազգայինի հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, որ նշեց, թէ վեց ամիս առաջ սկսած էին ցուցասրահին շինութեան աշխատանքները, երբ կարելի եղած էր գտնել ծրագիրին հովանաւորն ու բարերարը, մամուլին եւ գրականութեան ջատագովը, ազնուական ընտանիքի անդամ Լիւսի Թիւթիւնճեան:
Հաւաթեան շեշտեց, որ ցուցասրահի ընդհանուր շինութեան ծրագիրը պատրաստող Լօլա Պէօյիւքեան բծախնդիր խնամքով հետապնդեց շինութեան աշխատանքները, իսկ տէր եւ տիկին Ալեքօ Պեզիկեանները սատարեցին այս ծրագիրին յաջողութեան: Ան նաեւ յայտնեց, թէ արուեստաբան դոկտ. Սիլվիա Աճեմեան իր խորհուրդներով եւ աշխատանքով ունեցած է մեծ ներդրում:
Իսկ գեղանկարիչ Կիւվտերին մասին ակնարկելով՝ Համազգայինի հրատարակչատան տնօրէնը ըսաւ, թէ ան հայ մշակոյթի եւ արուեստի հաւատաւոր ծառան է, եւ հակառակ իր յառաջացած տարիքին, ան նոր շունչ եւ որակ կու տայ մեր ժամանակակից արուեստին: Հաւաթեան աւելցուց, որ Կիւվտեր դպրոց մըն է՝ իւրայատուկ աշխարհ մը եւ խորաթափանց անհատակութեան տէր անձ մը:
Խօսքի աւարտին Յակոբ Հաւաթեան ըսաւ, թէ ցուցասրահը կը պատկանի բոլոր արուեստագէտներուն եւ արուեստասէրներուն, որոնք մնայուն շունչ պիտի տան կառոյցին:
Ապա Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անունով Վաչէ Փափազեան Համազգայինի շքանշանը յանձնեց Լիւսի Թիւթիւնճեանին՝ առ ի գնահատանք հայ մշակոյթի պահպանման մէջ իր ունեցած մեծ ծառայութեան: Իսկ Կիւվտեր իր կարգին իր ստեղծագործութիւններուն ճամբով հայ մշակոյթը բարձր պահելու ու զարգացնելու աշխատանքին առ ի գնահատանք ստացաւ Համազգայինի շքանշանը: Պարգեւատրուողները նաեւ ստացան հաստատագիրներ:
Հանդիսութեան իրենց շնորհաւորական, գնահատանքի եւ քաջալերանքի խօսքերը արտասանեցին Կիւվտեր եւ արուեստաբան դոկտ. Սիլվիա Աճեմեան, որ վեր առաւ Կիւվտերի արժէքն ու անոր արուեստին իւրայատկութիւնը. Կիւվտեր անդրադարձաւ նման ցուցասրահի մը կարեւորութեան եւ յոյս յայտնեց, որ անիկա կը վերածուի արուեստասէրներու հանդիպման վայրի, ուր արուեստն ու համամարդկային արժէքները կը համախմբուին:
Սրտի խօսք փոխանցեց նաեւ Լ. Թիւթիւնճեան, որ ըսաւ, թէ Կիւվտերին ստեղծագործական ոգին երիտասարդ է: Այս երեւոյթը բարձրօրէն գնահատելով՝ ան յոյս յայտնեց, որ ցուցասրահը դառնայ երիտասարդութեան տաղանդները քաջալերող վայր մը:
Նշենք, որ ցուցադրուած էին Կիւվտերի 38 ստեղծագործութիւնները, որոնց շարքին նաեւ կային քանդակներ: Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 27 նոյեմբեր 2009, առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00: