
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը հաւատարիմ իր ազգապահպան առաքելութեան` սփիւռքի մէջ գիր ու դպրութեան ճամբով կը նպաստէ նոր սերունդին հայեցի կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն ջամբելու յոյժ կարեւոր գործընթացին։
Արդարեւ, Համազգայինի «Լ.Շանթ» Մասնաճիւղի Վարչութիւնը նոր սերունդի ուսումնական կարիքները բաւարարելու համար, 2022-2023 ուսումնական տարեշրջանի սկիզբը Ազգ.Միացեալ ճեմարանի նախակրթարանի աշակերտներուն գրենական պիտոյք յատկացնելու գեղեցիկ մտայղացումը ունեցաւ։
Սոյն նախաձեռնութիւնը ի գործ դրուեցաւ Գանատայէն դամասկահայ Մարալ Գորէսեան-Սեւերեկլեանի բարերարութեամբ եւ նիւթական օժանդակութեամբ, ի յիշատակ իր հօր` ննջեցեալ Ժիրայր Գորէսեանի։
Հաւաքը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 5 Սեպտեմբեր 2022-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին , «Ահարոնեան» կեդրոնի շրջափակէն ներս, աշակերտներուն եւ ծնողներուն ներկայութեան։