
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին հետ գործակցաբար Կիրակի, 19 Մայիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի Հոլ»-ին մէջ Համազգայինի «Կարկաչ» մանկական ու պատանեկան երգչախումբը հանդէս եկաւ իր տարեկան ելոյթով` ղեկավարութեամբ եւ խմբավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանի, ընկերակցութեամբ դաշնակահարներ Լիանա Յարութիւնեանի եւ Լիւսի Գռուզեանի:
Համազգայինի 22 տարեկան «Կարկաչ» երգչախումբին սոյն ելոյթը նուիրուած էր Կոմիտաս վարդապետի եւ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակներուն: Համազգայինի «Կարկաչ» երգչախումբը, որ տարիներու ընթացքին ունեցած է աւելի քան 900 անդամներ, բազմաձայն յատուկ տարբերակով ներկաներուն հրամցուց հայկական ժողովրդական եւ բարձր մակարդակի երգեր: Ելոյթի ընթացքին, «Կարկաչ»-ի պատանեկան երգչախումբը արաբերէնով երգեց «Պելետի Լուպնեն ըլ ամր» երգը, գրուած` Զաքի Նասիֆի կողմէ. անիկա յատուկ մշակուած էր «Կարկաչ» երգչախումբին համար` դոկտ. Եդուարդ Թորիկեանի կողմէ: