
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանի եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբի վարչութեան, Կիրակի, 16 Մայիս 2010-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի Հոլ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Կարկաչ» մանկական եւ պատանեկան երգչախումբերու տարեկան ելոյթը՝ ներկայութեամբ հոգեւորականներու, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, Համազգայինի 6-րդ պատգամաւորական ժողովի մասնակիցներու, ծնողներու, աշակերտներու եւ արուեստասէրներու:
Ելոյթին հիւրն էր հայրենի երաժշտահան Արեգ Լուսինեան, որովհետեւ երգացանկը կազմուած էր Լուսինեանի երգերով ու մշակումներով:
Յայտագիրի սկզբնաւորութեան բեմ բարձրացան «Կարկաչ»ի պատանեկան երգչախումբին անդամները՝ ընկերակցութեամբ գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Զաքար Քէշիշեանի ու դաշնակահար Կամիլա Քէշիշեանի: Երգչախումբը երգեց «Բարձրիկ Հայաստան», «Սիրուն Երեւան», «Յուշարձանին մօտ», «Եռաբլուր» եւ «Բարձրիկ Շուշի» երգերը: Իսկ «Կարկաչ»ի մանկական երգչախումբը նախ երգեց «Հայրենեաց տաղարան» ժողովածուէն «Անդրանիկ» եւ «Քաջ Արամի երգը», ապա Արեգ Լուսինեանի «Երաժշտական այբուբեն» երգաշարէն հատուածներ ու հայկական ժողովրդական երգաշար մը:
Մանկական երգչախումբէն ետք երկրորդ անգամ ըլլալով բեմ բարձրացաւ պատանեկան երգչախումբը, որ երգեց «Գարնան սպասում», «Բարի գիշեր», «Առուակին երգը», «Նոր տարուան զանգեր», «Փառապանծ երկիր» երգերը:
Հանդիսութեան աւարտին բոլոր կարկաչականները միասնաբար երգեցին «Ուրախ առաւօտ» եւ «Կատակ երգ-պար»ը, այնուհետեւ Զաքար Քէշիշեան յայտնեց, որ Արեգ Լուսինեան Հայաստանի երէց սերունդի այն ներկայացուցիչներէն էր, որ Հայաստանի դժուար պայմաններուն մէջ շարունակեց ստեղծագործել: Այս առիթով Քէշիշեան Համազգայինի անունով յուշանուէր մը յանձնեց Լուսինեանին, որ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինին, խմբավարին, դաշնակահարին եւ աշակերտներուն: Արեգ Լուսինեան բարձր գնահատեց «Կարկաչ»ին այս ելոյթը: Ձեռնարկին ընթացքին նաեւ իր սրտի խօսքը արտասանեց Մարալ Փանոսեան, որ 19 տարի առաջ լիբանանահայ ազգային վարժարաններու «Ծիածան» երգչախումբին մէջ կþերգէր Արեգ Լուսինեանի «Երաժշտական այբուբեն»ը՝ Լուսինեանի ներկայութեամբ: Փանոսեան ըսաւ, թէ Արեգ Լուսինեան իր ստեղծագործութիւններով մեծ գանձ փոխանցած է նոր սերունդի զաւակներուն:
Շուրջ մէկուկէս ժամուան ընթացքին կարկաչականներու բարձրորակ կատարումը եւ երգերու այլազանութիւնն ու նորարարութիւնները ստեղծեցին գեղարուեստական գնահատելի ու հաճելի մթնոլորտ: