
Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Համազգայինի նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան՝ գլխաւորութեամբ Վաչէ Փափազեանին: Կեդրոնական վարչութիւնը տեղեակ պահեց վեհափառը Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած Համազգայինի պատգամաւորական ժողովին քննարկումներուն ու որոշումներուն մասին:
Ողջունելով նորընտիր վարչութիւնը՝ վեհափառը մեծապէս գնահատեց Համազգայինի տարած աշխատանքը, յատկապէս կրթական ու մշակութային մարզերուն մէջ: Ան յիշեցուց վարչութեան, որ համաշխարհայնացումի հետզհետէ աճող վտանգին դիմաց, մշակութային ու կրթական արժէքներու կենսագործումը նոր սերունդներու կեանքին մէջ հրամայական անհրաժեշտութիւն է, յատկապէս սփիւռքի մէջ, եւ այս գծով Համազգայինը կոչուած է կարեւոր դերակատարութիւն ունենալու:
Վեհափառը այս առիթով յայտնեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը միշտ կը մնայ զօրավիգ Համազգայինի կրթական ու մշակութային գործունէութեան: