Կեդրոնական Վարչութիւն

Շաբաթ, 13 Նոյեմբեր 2021-ին, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, գլխաւորութեամբ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանի: Հանդիպման ընթացքին Կեդրոնական Վարչութիւնը Վեհափառ Հայրապետին զեկուցեց Համազգայինի մասնաճիւղերուն գործունէութեան եւ անոնց դիմագրաւած այլազան դժուարութիւններու առնչուած հարցերու մասին:
Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց Համազգայինի գործունէութիւնը՝ հաստատելով, որ անիկա կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է Սփիւռքի տարածքին ընդհանրապէս հայապահպանման ու յատկապէս հայ մշակոյթի տարածման առաքելութեան մէջ։