
Ուրբաթ, 23 Սեպտեմբեր 2022-ին «Ազատ Օր»-ի խմբագրատուն այցելեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Յասմիկ Շահինեան։ Իրեն կ՚ընկերակցէր Յունաստանի Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Յուլիանա Մանուկեան։ Օգտուելով իր Յունաստան այցելութենէն, թերթիս խմբագրութիւնը հետաքրքրական զրոյց մը ունեցաւ ընկերուհիին հետ՝ Համազգայինի կրթական, մշակութային եւ երիտասարդական ծրագիրներուն մասին։
Իր կեցութեան առիթով, Յ. Շահինեան այցելեց Հ.Կ.Խաչի երեք ազգային վարժարանները եւ մօտէն իրազեկ դարձաւ կրթական ծրագիրներուն ու հայերէնի դասաւանդութեան։ Խօսելով այն մթնոլորտին մասին, որուն ծանօթացաւ մեր վարժարաններէն ներս, ան յայտնեց, թէ շատ հարազատ զգաց, նշմարելով, որ եռանդը չի պակսիր ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն մօտ, իսկ յատուկ շեշտ դրաւ հայերէն լեզուի ու պատմութեան արդի դասագիրքերու գործածութեան վրայ։
Ան նաեւ կարեւորեց Եւրոպայի մէջ գործող հայկական վարժարաններուն միջեւ յարաբերական կապեր ստեղծելու հնարաւորութիւնները։
Անդրադառնալով Ֆրանսայի մէջ՝ Համազգայինի անունով գործող վարժարաններուն, Շահինեան ներկայացուց Մարսէյի Ճեմարանի պատկերը, որ իր մանկապարտէզով, նախակրթարանի ու երկրորդականի բաժիններով կը պահէ 385 աշակերտներ։ Փարիզի մէջ կը գործէ «Համազգային-Թարգմանչաց» վարժարանը 138 աշակերտներով, որ նոյնպէս միջնակարգ բաժին ունենալու հնարաւորութիւնը ունի։