
Ուրբաթ, 24 Յունիս 2022-ի կեսօրէ ետք, ժամը 4։30-ին, Համազգայինի նորընտիր Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու նախագահի տեղապահ, Հայկազեան համալսարանի նախագահ Վեր․ Դոկտ․ Փոլ Հայտոսթեանին, համալսարանի իր գրասենեակին մէջ։
Հանդիպման ընթացքին քննարկութեան նիւթ դարձան ներկայ ժամանակներու հայ կրթական ու մշակութային կեանքին առնչուող դժուարութիւններն ու խնդիրները։
Խորհրդակցութիւնը կեդրոնացաւ նաեւ հայոց լեզուի ու պատմութեան ուսուցիչներ պատրաստելու Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան հաստատած Մանկավարժ-Հայերէնագէտ ուսուցիչներ պատրաստելու ծրագրին գծով Հայկազեան համալսարանի հետ արդիւնաւէտ գործակցութեան վրայ, որուն իբրեւ արգասիք, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան նիւթաբարոյական ապահովումով, ինչպէս նաեւ Հայկազեան համալսարանի աջակցութեան շնորհիւ, համալսարանի պսակաւոր արուեստից որակաւորում ստացած մանկավարժական բաժինի շրջանաւարտները մագիստրոսական որակաւորման համար իրենց ուսումը կը շարունակեն Հայաստանի Պետական Համալսարանին մէջ, որմէ վկայուելէ ետք ալ կը գործուղուին դէպի սփիւռքի զանազան գաղութներու հայկական դպրոցներ։
Վեր․ Դոկտ․ Փոլ Հայտոսթեան վերահաստատեց Համազգային Հայ Կրթական ու Մշակութային Միութեան հետ Հայ Աւետարանական համայնքին եւ Հայկազեան համալսարանին համագործակցութեան շարունակականութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան։