
Երեքշաբթի, 28 Յունիս 2022-ին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոնի «Բագին»-ի գրասենեակ եւ հանդիպում մը ունեցաւ Համազգայինի նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան նստավայրի անդամներուն հետ։
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը առաջին հերթին շնորհաւորեց նորընտիր կազմը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր աշխատանքներուն։ Ապա անդրադարձ կատարուեցաւ Համազգայինի տարբեր շրջաններու գործունէութեան եւ տեղի ունեցաւ կարծիքներու եւ մտահոգութիւններու փոխանակում։ Այս գծով անհրաժեշտ համարուեցաւ Համազգայինի կառոյցներ ստեղծելու աշխատանքը շարունակել Արեւմտեան Եւրոպայի տարածքին, ինչպէս նաեւ յատուկ ճիգով աշխուժացնել Համազգայինի գործունէութիւնը Եւրոպայի եւ ոչ գործօն այլ շրջաններու մէջ:
Յատուկ կերպով խօսուեցաւ Համազգայինի կրթական կառոյցներու՝ մասնաւորաբար Պէյրութի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի եւ Մարսէյի Ճեմարանի աշխատանքներուն մասին։ Անգամ մը եւս ընդգծուեցաւ Լիբանանի ներկայ պայմաններուն մէջ հայ դպրոցը կանգուն պահելու առաջնահերթութիւնը, եւ այս առնչութեամբ համագաղութային առումով նիւթաբարոյական աջակցութեան շարունակութեան անհրաժեշտութիւնը։
Արծարծուեցաւ Համազգայինի յառաջիկայ հանգրուանի գործունէութիւնը, եւ զեկուցուեցաւ եկող ամիսներուն իրականացուելիք ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն մասին, ինչպէս՝ Հայաստանի մէջ Ուսանողական Ֆորում, «Բագին» պաշտօնաթերթի 60-ամեակ, գումարուելիք գիտաժողովները եւ այլ ծրագիրներ։
Հանդիպումին ընթացքին շեշտը դրուեցաւ նաեւ ուղեկից միութիւններու միջեւ համագործակցութեան կարեւորութեան վրայ եւ այս ուղղութեամբ քննարկուեցան ձեռնարկուելիք յառաջիկայ քայլերը։ Խօսուեցաւ նաեւ այլ կազմակերպութիւններու հետ գործակցութեան կարելիութիւններու մասին։