
Համազգայինի Կիպրոսի Մեկուսի Կազմի 22-րդ Տարեկան Ընդհանուր Ժողովը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 1 Յուլիս 2022-ին ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի ակումբին մէջ։
Քննելէ ետք նախորդ տարուան գործունէութիւնը, Ընդհանուր Ժողովը գտաւ որ շրջանաւարտ Վարչութիւնը գնահատելի ու արդիւնաւոր աշխատանք տարած է մասնաճիւղի գործունէութեան բոլոր ոլորտներուն մէջ։
Ընդհանուր Ժողովը՝ «Սիփան», «Կիլիկիա» եւ «Անի» պարախումբերու, թատերական աշխատանքներու, Մշակութային Երեկոներու եւ Պաֆոսի, Լիմասոլի ու Լառնաքայի համայնքներուն մէջ աշխատանք տանելու կապակցութեամբ եւ այս գործունէութիւնը ընդլայնելու եւ դէպի երիտասարդութիւնը բացուելու առաջադրանքով տուաւ համապատասխան որոշումներ:
Ժողովի վերջաւորութեան միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ վարչութիւն, բաղկացած հետեւեալ ընկերներէն. Արթօ Դաւիթեան, Սիւզաննա Նազարեան, Ճորճ Թորոսեան, Վարդինէ Էթոյեան եւ Իրիս Ետալեան-Գարամանուկեան: