
Կիրակի, 1 Յունիս 2025-ի երեկոյեան, «Աքրոփոլ» 700 հոգինոց թատերասրահը փոքր կը թուէր հոծ բազմութեան առջեւ։ Հոն էին պարողներու ծնողները եւ հարազատները, նաեւ այն բոլոր հայրենակիցները, որոնք տեւաբար քաջալեր կը հանդիսանան Համազգայինի մշակութակերտ գործունէութեան ու հայ արուեստի մատուցման։ Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետի կողքին էր Յունահայոց Թեմակալ Առաջնորդը եւ հոգեւորականներու շքախումբը։ Ներկայ եղան Ազգային վարչութեան եւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդր. կոմիտէի անդամները, Հ.Կ.Խաչի եւ Հ.Մ.Ը.Մ-ի շրջանային եւ տեղական վարչութիւնները, ինչպէս նաեւ Հ.Հ. դեսպանութեան խորհրդականը։
Բացման խօսքը հայերէն եւ յունարէն լեզուներով կատարեցին միութեան անդամներ Անասթասիա Գույումճեան եւ Անթօ Շահպազեան։ Անոնք նախ բարի գալստեան խօսք ուղղեցին Վեհափառ հայրապետին, ապա հերթաբար բացատրեցին ելոյթին բնոյթը։ Բեմ ներկայացաւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան կողմէ Մարի Տանկուրեան, որ յայտնեց. «Յատուկ պատիւ է մեզի համար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայութիւնը, որ ձեռնարկին կը շնորհէ հոգեւոր փայլ ու օրհնութիւն: