Կեդրոնական Վարչութիւն
Հաղորդագրութիւններ

Այսու կը հաղորդենք, որ Երեւանի Պետական Համալսարանի նախագահութիւնը եւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը խորհրդակցելով՝ մէկ կողմէն ԵՊՀ-ի եւ միւս կողմէն Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկի միջեւ 12 Դեկտեմբեր 1996-ին կնքուած համագործակցութեան եւ փոխանակութեան պայմանգիրի, Հիմնարկի շրջանաւարտներուն իրենց ուսումը ԵՊՀ-ի մէջ շարունակելու կարելիութիւնը տուող 4-րդ կէտի վաւերականութիւնը երկարաձգած են մինչեւ 2024 թուականի աւարտը։
Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկի շրջանաւարտները յաւելեալ մանրամասնութեանց համար կրնան կապուիլ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան գրասենեակ (Պէյրութ 961-4-715684, central@hamazkayin.com)։
Համազգայինի
Կեդրոնական Վարչութիւն
Պէյրութ, 11 Նոյեմբեր 2015