
Երբ ապագան կը պատուէ անցեալը...
Ատիկէի Համազգայինի «Սօս-Վանի» մասնաճիւղի վարչութեան նախաձեռնութեամբ ու կազմակերպութեամբ, Կիրակի՝ 6 Դեկտեմբեր 2015-ի րեկոյեան ժամը 8ին, Աթէնքի քաղաքապետական «Աննա եւ Մարիա Քալութա» հանդիսասրահէն ներս, տեղի ունեցաւ հայ տաղանդաւոր երիտասարդ երաժիշտներու մշակութային երեկոն, իսկապէ՛ս գեղարուեստական վայելքի բարձր մթնոլորտի մը մէջ։
Սոյն երեկոն նպատակ ունէր յարգանքի տուրք մատուցանելու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, եւ անշուշտ՝ Հարիւրամեակի ծիրէն ներս, ի՛նչ որ յաւելեալ յուզում, արժէք, այլեւ նպատակասլացութիւն կուտար ե՛ւ երիտասարդ կատարողներուն, ե՛ւ զայն գոհունակութեամբ ընկալող մեր ժողովուրդին, ի մասնաւորի հաւաքուած ներկաներուն։
Ամբողջ ձեռնարկին ընդհանուր բնաբանն էր՝ «Երբ ապագան կը պատուէ անցեալը...»։ Մէկ խօսքով՝ հինը եւ նորը. նորը եւ տեսլականներով պարուրուած մեր հեռանկարային գալիքը, ապագա՜ն...։
Գեղարուեստական այսպիսի ձեռնարկներ դիւրին չեն պատրաստուիր. երկար ամիսներու աշխատանք կը պարտադրեն, եւ վարչութիւնն ու իր մշակութային յանձնախումբը ձեռք-ձեռքի տուած, մէկ մարդու պէս աշխատելով՝ յաջողեցան լաւագոյն արդիւնքի մը հասցնել ձեռնարկը։
Աւելցնենք, որ այս երեկոյին համար պատրաստած էր գեղարուեստական աֆիշ մը ու գեղատիպ յայտագիր մը։ Աֆիշը՝ օրեր առաջ արդէն զետեղուած էր մեր ազգային հաստատութիւններու եւ ակումբներու, ինչպէս նաեւ «Ազատ Օր»ի մէջ լոյս տեսած յայտարարութեան մէջ։ Յատկանշական է, որ յայտագրի վերջին էջին մէջ լոյս տեսած էին հայկական պատմական ու աւանդական նոթագրութեան համակարգի ու միջնադարեան երաժշտութեան խաղագրութեան նմոյշներ ու բացատրողական։