
Որոշ նախաձեռնութիւններ կ‘արժանանան յատուկ ուշադրութեան՝ իրենց մտածումի, նպատակի եւ գործադրութեան ոճի խորհրդանշական բնոյթին պատճառով: Էութիւնն այն է, որ նախաձեռնութեան ներքին բնութագիրն ու բաղադրիչը իր մարդասիրական դիտաւորութենէն անդին, շարունակութիւնը կը կազմէ պատմական ողբերգութեան մը վկայակոչումին, որ կը վերապրեցնէ յուշը ու միաժամանակ իր պատգամները կը տարածէ քաղաքակիրթ հասարակութեան:
Յունաստանի «Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Տոտէքանէզի (Երկոտասնեայ կղզիներու) մայրաքաղաք՝ թրքամերձ Ռոտոս կղզիի մասնաճիւղը՝ «Տիգրան-Երկաթ», 1915-ի Ապրիլեան մեր մէկուկէս միլիոն անմեղ նահատակներու յիշատակին, նախաձեռնեց հայկական սեղան մը սարքել կղզիի յատուկ կարիքի երեխաներու հաստատութեան պատսպարեալ պատանիներուն եւ պարմանուհիներուն, ինչպէս նաեւ անոնց դաստիարակներուն ու հսկիչներուն համար: Սոյն հիւրասիրութեան ճաշերը սիրայօժարօրէն հոգացած էր Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը, ընդառաջելով «Համազգային»ի հրաւէրին, հակառակ որ միութիւնը կը գտնուէր իր տարեկան սիրոյ պազարի եռուն օրերու նախապատրաստութեան մէջ:
Ճաշասեղանի ընթացքին կը սփռուէր հայկական երաժշտութիւն եւ իւրաքանչիւր սեղանի վրայ զետեղուած էր փոքրիկ Եռագոյն դրօշ մը, իսկ սրահին կեդրոնը «Համազգային»ի մեծածաւալ խորհրդանիշը:
Ճաշկերոյթին բացումը կատարեց «Տիգրան-Երկաթ» մասնաճիւղի նորընտիր ատենապետ Վասիլի Պարտիզպանեան, որ խօսեցաւ միութեան, հայերու պատմութեան ու Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած 20րդ դարու Առաջին Ցեղասպանութեան մասին: