
Երկուշաբթի, 9 Ապրիլ 2012-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցան Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան-գրատարածի կազմակերպած մանկապատանեկան գիրքերու եւ դաստիարակչական խաղերու ցուցահանդէսի փակման հանդիսութիւնը եւ ընթերցանութեան ու գիրքի պատրաստութեան մրցանակաբաշխութիւնները:
Հայկական տպագրութեան 500-ամեակին եւ «Հայ գիրքի տարուան» առիթներով կազմակերպուած այս նախաձեռնութեան ընթացքին, անցնող երեք շաբաթներուն ցուցահանդէսի կողքին գործադրուեցան գեղարուեստական զանազան յայտագիրներ եւ տեղի ունեցան մրցանքներ, որոնց մասնակից դարձան հայկական վարժարաններէն մեծ թիւով աշակերտներ:
Փակման հանդիսութեան ներկայ էին ցուցահանդէսի հովանաւոր` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, հայկական վարժարաններու տնօրէններ, ուսուցչական կազմեր, ծնողներ եւ մեծ թիւով աշակերտներ:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Համազգայինի հրատարակչատան անձնակազմէն Մարալ Գալեմքերեան:
Հանդիսութեան իր խօսքը փոխանցեց Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան-գրատարածի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, որ գնահատեց մասնակից բոլոր աշակերտները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազանին, այս ցուցահանդէսին եւ մրցանքներուն նախագահութիւնը ստանձնած քաթարաբնակ տէր եւ տիկին Արսէն եւ Սօսի Հալլաճեաններուն, նուիրատու հաստատութիւններուն, «Ազդակ»-ին եւ «Վանայ Ձայն»-ին, մրցանքներու դատական կազմերուն, ինչպէս նաեւ ցուցահանդէսի եւ յայտագիրներու կազմակերպման աշխատանքներուն մէջ դերակատարութիւն ստանձնած Համազգայինի հրատարակչատան եւ գրատարածի անձնակազմին մաս կազմող բոլոր անհատներուն: Հաւաթեան անդրադարձաւ նորահաս սերունդներուն մօտ հայ գիրքի եւ ընթերցանութեան կարեւորութեան` անոնց հայեցի կազմաւորումը երաշխաւորելու եւ մեր հոգեմտաւոր արժէքներուն հետ զանոնք հաղորդակից դարձնելու նախանձախնդրութենէն մեկնած: Ապա, հայկական տպագրութեան 500-ամեակին, «Հայ գիրքի տարուան» եւ Երեւանի` գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք հռչակման առիթներով Հաւաթեան կոչ ուղղեց հայ գիրքը դարձնելու ուշադրութեան կեդրոն եւ ձեռնարկելու հայկական բոլոր ընտանեկան օճախներուն մէջ հայերէն գիրքերու գրադարան ունենալու արշաւի:
Ապա իր պատգամը փոխանցեց առաջնորդ սրբազանը եւ իր խօսքը ուղղելով աշակերտներուն թելադրեց, որ Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Յակոբ Մեղապարտի կողմէ հայութեան փոխանցուած մեծ պարգեւները` հայ գիրն ու գիրքը դառնան աշակերտութեան մնայուն գուրգուրանքին առարկան եւ հպարտանքը: Ան թելադրեց մնալ հաւատարիմ անոնց կտակին ու պահել ազգային մեր հարուստ հոգեմտաւոր ժառանգութիւնը: Սրբազանը անդրադարձաւ նաեւ այս իմաստով ծնողներու ունեցած դերակատարութեան կարեւորութեան եւ թելադրեց, որ անոնք քաջալեր հանդիսանան իրենց զաւակներուն, որպէսզի անոնք մնայուն կերպով հաղորդակից դառնան նաեւ հայ գիրքին: Իր խօսքը եզրափակելով` սրբազանը շնորհաւորեց Համազգայինի հրատարակչատան այս նախաձեռնութիւնը, որ արդէն թեւակոխած է երրորդ տարին եւ յաջողութիւն մաղթեց Համազգայինի հրատարակչական, կրթական եւ մշակութային բազմաճիւղ ու լայնածաւալ գործունէութեան:
Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն: