
Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի եւ Համազգայինի հիմնադրութեան 90-ամեակի հանդիսութիւններու ծիրին մէջ Համազգայինի Փարիզի մասնաճիւղը կազմակերպեց Ֆրանսայի տարածքին գործող հայկական միօրեայ, ամէնօրեայ եւ անհատական վարժարաններու միջեւ արտասանութեան մրցում մը՝ 8-12 եւ 13-17 տարեկան աշակերտներու համար։
Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 18 Նոյեմբեր 2018-ի յետմիջօրէին, Ս. Յովհաննէս-Մկրտիչ Մայր տաճարի «Ն.Ֆրէնկեան» ծայրէ ծայր լեցուն սրահին մէջ, ուր համախմբուած էին կրթական դաստիարակներ, ծնողներ, մանուկներ ու պատանիներ։
Իւրաքանչիւր թեկնածու պիտի ներկայացնէր երկու արտասանութիւն. 8-12 տարեկաններուն համար՝ Մուշեղ Իշխանի «Հայ լեզուն տունն է Հայուն »-ը՝ պարտադիր եւ մէկ ազատ ընտրութիւն, իսկ 13-17 տարեկան աշակերտներուն՝ Դանիէլ Վարուժանի «Ձօն »-ը պարտադիր էր եւ նոյնպէս՝ մէկ ազատ ընտրութիւն։ Միութեան հրաւէրին ընդառաջած էին Մարսիլիոյ Համազգայինի ճեմարանը, Համազգային-Թարգմանչաց ամէնօրեայ եւ շաբաթօրեայ վարժարանները, ՀԲԸՄ-Փարիզ միօրեան, ՀայԴաս միօրեան, Դպրոցասէրը, Սուրբ Մեսրոպ-Արապեան վարժարանը, Հրանդ Տինք դպրոցը (արտամրցում)։ Անհատական մասնակցութիւն բերին նաեւ քանի մը աշակերտներ։
Այնուհետեւ շուրջ չորս ժամերու ընթացքին բեմին վրայ արտասանեցին փոքրիկներն ու պատանիները, որոնք բացի պարտադիր քերթուածներէն՝ արտասանեցին նաեւ Ս. Կապուտիկեանի, Զահրատի, Յ. Շիրազի, Ե. Չարենցի, Հ. Սահեանի, Ղ. Աղայեանի, Խ. Դաշտենցի, Մ. Մեծարենցի, Զ. Խրախունիի, Շ. Նարդունիի եւ Մ. Պչաքճեանի երկերէն հատընտիրներ։
Դատակազմը բաղկացած էր կրթական դաստիարկներ՝ Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեանէ, Արմինէ Գէորգեանէ եւ Կարապետ Տագէսեանէ, ասմունքողներ՝ Մարինա Յովհաննիսեանէ եւ Արտաշէս Ոսկանեանէ։ Անոնք երկար խորհրդակցութենէ ետք ընտրեցին իւրաքանչիւր մակարդակէն լաւագոյնները, այսպէս.-
Ա. մակարդակէն (8-էն 12 տարեկան) առաջին մրցանակը ստացաւ Ալիք Ճիւմպիւշեան (անհատապէս մասնակցող), երկրորդ հանդիսացան՝ Թէա Խաչերեան (Սուրբ Մեսրոպ-Արապեան) եւ Կարապետ Քէշիշեան (Դպրոցասէր), իսկ երրորդ կարգի մրցանակը շահեցան՝ Իրինա Մաքարեան (ՀայԴաս) եւ Արթիւր Յովսէփեան (Սուրբ Մեսրոպ-Արապեան)։
Բ. մակարդակէն (13-17 տարեկան) առաջին մրցանակը ստացաւ Մանէ Աղասարեան (անհատապէս մասնակցող), երկրորդ՝ Ալիսա Ալաճեան (Համազգային-Մարսիլիա) եւ երրորդ հանդիսացաւ Ժորժէթ Թեփերճեան (Համազգային-Մարսիլիա)։
Լսարանին յատուկ մրցանակին արժանացան՝ Լեւոն Էքմէքճեան (Դպրոցասէր) եւ Լիլիթ Աղասարեան (անհատապէս մասնակցող)։
Ինչպէս յայտնեց դատակազմի անդամ Կարապետ Տագէսեան, մասնակցող բոլոր աշակերտները մրցանակի արժանի էին, բայց պէտք էր ընտրութիւն կատարել։ Արդարեւ անխտիր իւրաքանչիւր աշակերտ ստացաւ իր նուէրը։ Իսկ նուիրատուներն էին՝ «Գիրք » հրատարակչատունը, Հ.Պաղտասարեան եւ Ս. Շնորհօքեան։ Մրցանակակիր աշակերտները ստացան նաեւ յատուկ վկայականներ։
Ձեռնարկին ընթացքին Խանդավառ մթնոլորտ կը տիրէր, եւ բոլորը շատ գնահատեցին այս նախաձեռնութիւնը :