
«Յետցեղասպանութեան ստեղծարարութիւնը` յիշողութեան, արուեստի եւ պահանջատիրութեան միջեւ» խորագիրով երիտասարդական միօրեայ սեմինարը Շաբաթ, 21 Մայիս 2022-ին, Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն»-ին մէջ համախմբեց լիբանանահայ աւելի քան 130 երիտասարդներ:
Սեմինարը արգասիքն էր ամիսներու աշխատանքի մը, որուն մէջ կատարուած ներդրումը միայն Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպիչ յանձնախումբին չէր պատկաներ: Անիկա կը վայելէր Արամ Ա. կաթողիկոսին բարձր հովանաւորութիւնը, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի նիւթական աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ նեցուկն ու օժանդակութիւնը «Թռչնոց Բոյն»-ի տնօրէնութեան եւ տիկնանց յանձնախումբին:
Սեմինարի նախօրեակին դասախօսներ Լիբանան հասած էին Ամերիկայէն, Չեխիայէն, Քուէյթէն եւ Սուրիայէն` Լիբանանի դասախօսներուն հետ միասին սոյն ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար:
Զեկուցաբերները թիւով 14 էին, իւրաքանչիւրը` իր մասնագիտութեան համապատասխան օրուան նիւթերուն առնչուող հետաքրքրութիւններ ունեցող մարդիկ, իսկ մասնակիցները կու գային իբրեւ ներկայացուցիչներ` լիբանանահայ գաղութի տարբեր միութիւններու, վարժարաններու, դպրեվանքներու եւ համալսարաններու: Անոնց տարիքը 18-24-ի միջեւ էր: Սեմինարին իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին նաեւ նախապէս արձանագրուած եւ առնչուող նիւթերուն հաղորդակից դառնալու փափաք ու հետաքրքրութիւն ունեցող անձեր: