
Չորեքշաբթի, 27 Մայիսին «Քամիլ Շամուն» Մարզական աւանին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի կրթութեան նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած միջդպրոցական պարի փառատօնի աւարտական հանդէսը, որուն ընթացքին յայտարարուեցան պարի մրցումին վերջնական արդիւնքները:
Արդարեւ, ամիսներու վրայ երկարած վերոյիշեալ մրցումին մասնակցած էին Լիբանանի տարբեր շրջաններու վարժարանները ներկայացնող պարախումբեր եւ զտումի հանգրուաններէ անցնելով մնացած էր ընդամէնը տասը պարախումբ:
Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի պարախումբը, որ բաղկացած էր հինգերորդ դասարանի 12 աշակերտուհիներէ, տիրացաւ աղջիկներու խմբակի առաջին դիրքին եւ ստացաւ համապատասխան յուշանուէր եւ ոսկի մետալներ:
Նշենք, որ պարախումբը ներկայացած էր մէկ գաւառական ու մէկ «Մուաշշահաթ» տեղական պարով եւ զտումի բոլոր հանգրուաններուն արժանացած էր դատական կազմի բարձր գնահատանքին:
Կը շնորհաւորենք պարուսոյց Մարի-Ժան Ատուրեանն ու պարախումբի 12 աշակերտուհիները եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք իրենց:
«Ազդակ օրաթերթ»