
Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի աշակերտները Հայկական Ցեղասպանութեան 95-րդ ամեակի ոգեկոչումին սկսան Հինգշաբթի, 22 Ապրիլի առաւօտեան, Նախակրթարանի աշակերտներուն Պիքֆայա այցելութեամբ: Անոնք ծաղիկներ զետեղեցին նահատակաց յուշարձանին:
Ուրբաթ, 23 Ապրիլի առաւօտեան միջնակարգի աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ ուղղուեցան դէպի Այնթուրայի Սէն Ժոզէֆ գոլէճ, ուր անոնք ծաղիկներ զետեղեցին հայ որբերու •երեզմանին վրայ, ապա Թ. դասարանէն Փաթիլ Գէորգեան նահատակ որբերուն ուղղուած խօսք մը արտասանեց, ան ըսաւ. « …Վստահաբար դուք շատ մեծ զոհողութիւններով տոկացիք թուրքերուն բարբարոսութիւններուն եւ անարդարութիւններուն, այնուհանդերձ չմոռցաք ձեր հայ ըլլալը եւ գոյատեւեցիք: Ահա այսօր մենք կեցած ենք ձեր գերեզմաններուն դիմաց՝ զգալու համար ձեր կրած չարչարանքները, հպարտանալու հայ ազգին գոյատեւման կամքով ու կորովով եւ ըսելու ձեզի, որ մենք ձեզ չենք մոռնար, ձեր նահատակութենէն տասնեակ տարիներ ետք, մենք հայ ենք տակաւին, հայերէն կը խօսինք, հայերէն կը գրենք, հայերէն կը մտածենք, հայերէն կը զգանք, հայերէն կ°երազենք եւ դեռ հայօրէն պիտի գոյատեւենք… Ձեր նահատակութիւնը աւելի քան արդիւնաւորուած է սիրելի° որբեր»: Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց Միսաք Քէլէշեանին, որուն շնորհիւ աշակերտները ծանօթացան այդ դպրոցին մէկ անկիւնը գտնուող հայ որբերուն գերեզմանին, ինչպէս նաեւ՝ դպրոցի տնօրէնութեան, որ առիթը ընծայեց աշակերտութեան իրենց յարեանքի տուրքը մատուցելու հայ նահատակներուն:
Այնուհետեւ խօսք առաւ Սէն Ժոզէֆ գոլէճի տնօրէն Հայր Անթուան Նաքաթ, որ ներկայացուց 1915-էն 1916 հոն հասած որբերուն խղճալի վիճակը, անոնց կրած դժուարութիւնները՝ սով, համաճարակ, եւն…, անոնց տառապանքները եւ թուրքերու վարած թրքացման քաղաքականութիւնը: Ան աւելցուց, որ այդ հողակոյտին տակ թաղուած են հայ որբեր ու կրօնաւորներ: Ան թելադրեց,որ չմոռցուին այդ անմեղ զոհերը՝ հրեշտակները, եւ յաճախ այցելութիւն տրուի անոնց:
Ապա հայ որբերուն ուղղուած խօսքը ֆրանսերէն լեզուով կարդաց Թ. դասարանէն Թալին Քերթեշեան, որմէ ետք Ը. դասարաններու աշակերտութեան պատրաստութեամբ խաչքարի պատկերներով եւ նահատակներուն ուղղուած յարգանքի գրութիւն մը կրող յուշատախտակներ զետեղուեցան որբերուն գերեզմանին վրայ:
Գերեզմանատունէն ետք, աշակերտները Միսաք Քէլէշեանի առաջնորդութեամբ ուղղուեցան դէպի այն վայրը, ուր 1916-ին նկարուած էին հայ որբերը Հալիտէ Էտիպի եւ Քեմալ փաշայի հետ: Նոյն դրան առջեւ խմբուեցան աշակերտները եւ խօսք առաւ Միսաք Քէլէշեան ու ըսաւ. « Դուք առաջին աշակերտական խումբն էք, որ կ°այցելէ այս դպրոցը յարգելու յիշատակը հայ որբերուն»,- ան նաեւ թելադրեց հաւատարիմ մնալ ապրիլեան եղեռնէն ճողոպրած անմեղ որբերու յիշատակին եւ չմոռնալ մեր նախնիներուն կրած տառապանքը: Աշակերտներն ու ուսուցիչները Միսաք Քէլէշեանի հետ լուսանկարուեցան նոյն դրան առջեւ: Դպրոց վերադարձին Միսաք Քէլէշեանի մակագրութեամբ Այնթուրայի որբանոցի որբերուն լուսանկարը ստացան բոլոր աշակերտները:
Երկրորդականի աշակերտները մասնակցեցան Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման աշակերտական հանդիսութեան, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ 23 Ապրիլին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ:
Ճեմարանի աշակերտութեան ոգեկոչման նախաձեռնութիւնները վերջ գտան դպրոցին մէջ Լսարանական Միութեան կողմէ կազմակերպուած յատուկ ձեռնարկով մը, որուն ներկայ գտնուեցան բոլոր աշակերտները:
Ձեռնարկին բացումը կատարեցին տարրականի աշակերտները: Անոնք ծաղիկներ զետեղեցին Լսարանական Միութեան կողմէ շինուած Ծիծեռնակաբերդին առջեւ եւ մոմեր վառեցին դպրոցին մուտքին զետեղուած նահատակ մտաւորականներու բարձրաքանդակներուն դիմաց, որմէ ետք Լսարանական Միութեան խօսքը արտասանեց Քրիստ Ատուրեան. ան ըսաւ « Իբրեւ դատ հետապնդող ժողովուրդ, մեզի չէ արտօնուած ժամավաճառութիւն: Մենք մեր երիտասարդութիւնը պիտի պահպանենք այնպէս մը, որ կարծէք իւրաքանչիւր օր Ապրիլ 24 ըլլար, այսինքն՝ հաւաքական մտածողութեան ոգիով…»: Ապա աշակերտները դիտեցին «Genocide in me» տեսաերիզը, եւ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: