
Ճեմարանի աշակերտները հրաժեշտ տուին 2008-2009 դպրոցական տարեշրջանին չորս հանդէսներով, որոնց ընդմէջէն իրենց ծնողներուն, ուսուցիչներուն եւ հիւրերուն ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիրներ:
Համազգայինի Նորսիկեան մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ կիրակի, 14 յունիսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին: Վարդագոյն, Կապոյտ եւ Կանաչ դասարաններու աշակերտները հանդէս եկան թատերական ներկայացումով, արտասանութեամբ, երգերու ու պարերու զուարթ շարանով մը, որմէ ետք Կանաչ դասարանէն 47 փոքրիկներ ստացան վկայականներ եւ հրաժեշտ տուին Նորսիկեան մանկապարտէզին:
Տարրական եւ նախակրթարան բաժիններու աշակերտութիւնը ուրբաթ 19 եւ չորեքշաբթի 24 յունիսին արժանացաւ ծնողներուն, ուսուցիչներուն եւ տնօրէնութեան ծափահարութիւններուն՝ իրենց ներկայացուցած տարեվերջի զոյգ հանդէսներուն առթիւ: Տարրական բաժինի աշակերտները հանդէս եկան «Կախարդական բառը», իսկ նախակրթարան բաժինի աշակերտները՝ «Ոսկի ձկնիկը» երաժշտական թատերախաղերով: Զոյգ թատրոնները արդիւնք են հեղինակ-բեմադրիչ եւ գեղարուեստական ղեկավար Ռոպեր Առաքելեանին այն տքնաջան աշխատանքին, որ կը յաջողի ի մի խմբել զանազան կարգերու աշակերտներ նոյն թեմային շուրջ: Թատերախաղերուն մէջ ընդգրկուած երգերուն ուսուցումն ու ընտրութիւնը բծախնդրօրէն կատարեց Մարիա Պարտիզպանեան, իսկ հայկական ու օտար պարերու ձեւաւորումը կատարեց Մարիժան Ատուրեան: Զոյգ հանդէսներու աւարտին տեղի ունեցաւ ձեռային աշխատանքներու եւ աշակերտական նկարչական գործերու ցուցադրութիւն, որուն շնորհիւ ներկաները ականատես եղան Ճեմարանի աշակերտութեան կատարած հոյակապ գործերուն: Ձեռային աշխատանքները կատարուած են Էլօ Մելքոնեանի հսկողութեամբ, իսկ նկարչական գործերը՝ Գօգօ Արբաճեանի: Գեղարուեստական զանազան մարզերու օղակներու միջեւ համադրումն ու տարեվերջի հանդէսի իրագործումը կատարեցին բաժիններու պատասխանատուները՝ օժանդակ ունենալով ուսուցչական ամբողջ կազմը:
Երկուշաբթի, 13 յուլիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ ԺԲ. աւարտական դասարանի վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը:
Շրջանաւարտները խաղավայր մուտք գործեցին երկրորդական բաժնի պատասխանատու Մարօ Քիրիաքոյի առաջնորդութեամբ: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք Շողեր Բրուտեան ասմունքեց Դ. Վարուժանի «Կարմիր հողը». ապա տուտուկահարներ Հրակ Փափազեան, Գէորգ Մանուկեան եւ Արէն Քերթեշեան հանդէս եկան հայկական ժողովրդական եղանակներու եռանուագով մը: ԺԱ. դասարանին կողմէ Սանահին Գասապեան կարդաց ողջերթի ուղերձը, որմէ ետք Հրակ Տեմիրճեան եւ Խաժակ Խաչատուրեան կոմիտասեան եղանակներու ջութակի զուգանուագով հմայեցին ներկաները: ԺԲ. դասարանին կողմէ հրաժեշտի խօսքը արտասանեց Աքասիա Փոլատեան, որ իր երախտագիտական խօսքը ուղղեց բոլոր ուսուցիչներուն, որոնք ուսման զուգահեռ, իւրաքանչիւր աշակերտի ուրոյն նկարագիրը յայտնաբերեցին եւ անոր ազատ միտքը զարգացուցին: Ան ըսաւ. «Մենք այստեղ գիտելիքի հետ ստացանք նաեւ գիտակցութիւն...»:
Հրաժեշտի խօսքէն ետք բեմ բարձրացաւ Ճեմարանի գործադիր տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան՝ մրցանակաբաշխութեան համար: Աքասիա Փոլատեան արժանացաւ ԺԲ. դասարանի բարձրագոյն միջին ապահովողի «Մարք Արտալճեան» եւ երկրորդական բաժինի հայերէնագիտական լաւագոյն միջին ապահովողի «Սօսէ յիշատակի ֆոնտ»ի մրցանակներուն: ԺԲ. դասարանի գիտական նիւթերու լաւագոյն միջին ապահովողի «Կարօ Գաբլանեան» մրցանակին արժանացաւ Անժելա Գարագաշեան: Նաթաշա Պաղչեճեան ստացաւ ԺԲ. դասարանի հայերէնի լաւագոյն միջին ապահովողի «Սօսէ Սեփեթճեան», ԺԲ. դասարանի արաբերէնի լաւագոյն միջին ապահովողի «Լուի Օհանեան», երկրորդական բաժինի հայերէնագիտական լաւագոյն միջին ապահովողի «Սօսէ յիշատակի ֆոնտ» եւ երկրորդական բաժնի մէջ գիտական նիւթերու լաւագոյն միջին ապահովողի «Կարօ Սիւրմելեան» մրցանակները: Գերազանց արդիւնքներ ապահովողի եւ հասարակական գործունէութիւն ունեցողի «Արշաւիր Յովսէփեան» մրցանակներուն արժանացան Բալիկ Լատոյեան եւ Աքասիա Փոլատեան: Նախակրթարանի հայերէնագիտական նիւթերու լաւագոյն արդիւնք ապահովողի «Սօսի Մաւիսաքալեան» մրցանակին արժանացաւ Գարլա Օհաննէսեան: «Ջահակիր»ի լաւագոյն աշխատակցութեան «Վիգէն Զաքարեան» մրցանակը ստացաւ Սեպուհ Տօնիկեան: Թ. դասարանի արաբերէնի մէջ լաւագոյն միջին ապահովողի «Լուի Օհանեան» մրցանակին արժանացաւ Բալիկ Գասարճեան: Տիպար մարզիկի մրցանակ ստացաւ Աւօ Մումջօղլեան, իսկ տիպար մարզիկուհիի մրցանակ՝ Լոռի Թաշճեան: Նախորդ տարի հաստատուած Ժ. դասարանի հայերէնի եւ հայոց պատմութեան լաւագոյն միջին ապահովողի «Հուրի Պերթիզլեան» մրցանակին արժանացաւ Անի Առաքելեան, իսկ տիպար աշակերտի նորահաստատ «Վիգէն Աղասարգիսեան» մրցանակին արժանացաւ Սեւան Սերոբեան:
Մրցանակաբաշխութենէն ետք Տիգրան Ճինպաշեան զեկուցեց անցնող տարեշրջանի մասին: Ան ներկայացնելով Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի կառոյցը՝ ըսաւ, թէ Ճեմարանի տէրը Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնն է, հետեւաբար դպրոցի գլխաւոր պատասխանատուն Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնն է, որ կը նշանակէ Ճեմարանի գործունէութեան վրայ հսկող երկու մարմինները՝ Ճեմարանի խնամակալութիւնը եւ Ճեմարանի կրթական խորհուրդը: Ճեմարանի տնօրէնը, նշանակուած Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի հաւանութեամբ, Ճեմարանի ուսումնական-կրթական, վարչական, ելեւմտական-տնտեսական գործունէութեան գործադիր վարիչն է, որուն ուսերուն կը ծանրանայ ճեմարանական աւանդութիւններու պահպանման, կրթական վերելքին, մօտ 100 հոգի հաշուող անձնակազմի մը ներդաշնակ գործունէութեան, ելեւմտական հաւասարակշռութեան պահպանման, նորոգութիւններու, շինարարական գործերու հսկողութեան, քարոզչութեան եւ արտաքին կապերու պահպանման աշխատանքը: Ան նշեց նաեւ, որ դպրոցի բոլոր պատասխանատուները նախանձախնդիր են, որ պահպանելով հանդերձ արդէն 80 տարի առաջ իր հիմնադիրներուն, յատկապէս Լեւոն Շանթի ու Նիկոլ Աղբալեանի տեսիլքն ու նպատակները, Ճեմարանը դարձնեն մեր արդիական, ներկայ պահանջներուն համապատասխանող, մեր կարիքները գոհացնող ոչ միայն լիբանանահայ, այլ լիբանանեան լաւագոյն վարժարաններէն մէկը: Այս ձգտումը դպրոցի պատասխանատուները կը մղէ առանց դադարի բարեփոխումներ կատարելու իրենց գործին մէջ եւ գտնուելու մնայուն կերպով նոր միջոցներ որոնողի, ուսումնասիրողի ու ծրագրողի վիճակին մէջ: Ապա Տիգրան Ճինպաշեան թուեց անցնող տարեշրջանին կատարուած հիմնական նորութիւնները դպրոցէն ներս: Ճեմարանի օժտուիլը հոգեբան-մանկավարժով մը, լեզուներու համակարգողներու կողքին նաեւ գիտութեան համակարգողներով օժտուիլը, վերաքննելի եղող աշակերտներուն օգնելու կոչուած դասընթացքները եւ այլն: Անդրադառնալով շինարարական աշխատանքներուն՝ ան նշեց, թէ Նորսիկեան մանկապարտէզի շէնքային բարեփոխումները արդէն տեսանելի են, մուտքին ու միջանցքներուն որմնանկարները, որոնք գործն են Նայիրի Ալեքսանտրեան-Կէօզիւպէօյիւքեանին, աւելի եւս գեղեցկացուցած են եզակի ճարտարապետական կառոյցով մանկապարտէզին շէնքը: Ընթացքի մէջ են նաեւ ցանկապատի բարձրացումը, որ կարելի դարձաւ Սարգիս Կերեքմեզեանի յատկացման շնորհիւ, արդիական խոհանոցի մը կառուցումը, որ կարելի եղաւ շնորհիւ տէր եւ տիկին Ստեփան Տէր Պետրոսեաններու յատկացման եւ Վրէժ Սապունճեանի խոհանոցային կազմածներու հայթայթման. Ատրինէ Գարագաշեան նորակառոյց համալիրի կառուցումը եւս աւարտելու վրայ է: Գործադիր տնօրէնը անդրադարձաւ նաեւ Ճեմարանի ներքին ձեռնարկներուն, որոնք անդադրում են, տօնական բոլոր առիթները կը նշուին ցուցատախտակներու զարդարանքով, այցելութիւններով ու ներքին տօնակատարութիւններով, ինչպէս նաեւ աշակերտութիւնը կը մասնակցի միութիւններու, կազմակերպութիւններու, հիմնարկներու այլազան միջոցառումներուն:
Տիգրան Ճինպաշեան իր զեկոյցի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նուիրատուներուն, բարերարներուն, զանազան լաւ եւ վատ առիթներու իրենց նուիրատուութիւններուն համար Ճեմարանը ընտրող հարազատներուն ու բարեկամներուն: Ան իր զեկուցումը փակեց՝ տեղեկացնելով, թէ յառաջիկայ օրերուն Ճեմարանը կþօժտուի վարչական ու տնտեսական հարցերու պատասխանատու փոխտնօրէնով մը, որ նախկին ուսուցիչ ու շրջան մը Նշան Փալանճեան Ճեմարանի պատասխանատու Նորայր Նաճարեանն է:
Գործադիր տնօրէնի զեկոյցէն ետք, բեմ բարձրացան աւարտական դասարանի աշակերտները եւ ներկայացուցին Կոմիտասի, Յովհաննէս Թումանեանի ու Լեւոն Շանթի ծննդեան 140 ամեակներուն առիթով «Վերնատուն» բեմականացուած խմբական ասմունքը, որմէ ետք Տիգրան Ճինպաշեան դարձեալ բեմ բարձրացաւ ու իր վերջին խօսքը ուղղելով աւարտական դասարանի աշակերտներուն՝ ըսաւ, թէ Ճեմարանի շրջանաւարտ դառնալու գրաւականն է նաեւ հասարակական գործունէութեան մէջ ներդրում ունենալը, եւ մաղթեց, որ անոնք իրենց նախորդներուն նման գտնուին զանազան ասպարէզներու ղեկավար դիրքերու վրայ:
Հուսկ բանքէն ետք Տ. Ճինպաշեան բեմ հրաւիրեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան փոխ ատենապետ Վաչէ Փափազեանը՝ մասնակցելու վկայականներու յանձնումին: Շրջանաւարտի վկայականներ ստացան.
Գրական ճիւղէն՝ Բեկի Անանեան, Սինթիա Պարիկեան, Նանար Ղարիպեան, Նանօր Գարամանուկեան, Էլսի Գարաօղլանեան, Աքասիա Փոլատեան, Շողեր Բրուտեան, Թալին Սայեղ, Ռոզալին Թորոսեան, Նարէ Տեմիրճեան, Արամ Պարսումեան, Յարութ Շէկեան, Մայք Տեմիրճեան, Սեպուհ Տենիկեան եւ Էլի Երէցեան:
Գիտական ճիւղէն՝ Սարին Ատուրեան, Շաղիկ Պապիկեան, Նաթաշա-Արազ Պաղչեճեան, Սարին Շէկեան, Անժելա Գարագաշեան, Բալիկ Լատոյեան, Բալիկ Չոքաքլեան, Դուին Զէյթլեան, Փաթրիսիա Անազոնեան, Մհեր Աւետիքեան, Հայկ Պօղոսեան, Կարէն Գանթարճեան եւ Խաժակ Խաչատուրեան:
Վկայականներու բաշխումէն ետք հանդիսութիւնը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգով, որմէ ետք ներկաները շնորհաւորեցին շրջանաւարտները եւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: