
Ընթացքի մէջ են «Համազգային»ի Շրջանային վարչութեան փոքրիկ գրադարանի կազմաւորման եւ թուագրման աշխատանքները։ Վարչութեանս նուիրուած եւ պատկանող բոլոր գիրքերը զետեղուած են «Ազատ Օր»ի գրասենեակի «Համազգային»ի գրապահարանին մէջ։
Մեր նպատակն է հնարաւորինս հարստացնել գրադարանը հայ գիրի եւ միտքի շտեմարանով։ Այս առիթով, կը դիմենք բոլոր մեր հայրենակիցներուն՝ ցանկացողները կրնան «Համազգային»ի Շրջ. վարչութեան յանձնել եւ նուիրել գիրքեր։
Աշխատանքները աւարտելէն յետոյ, ընթերցասէրները կրնան փոխ առնել եւ օգտուիլ գրադարանի գիրքերէն՝ նշուած ժամկէտին վերադարձնելու սկզբունքով (գիրքերու ցանկը կը հրապարակուի ժամանակին)։
Վսեմագոյն գանձ է գրադարանը. «Կեանքը պէտք է լեցուած ըլլայ գիրքերով, որոնք լի են կեանքով», (Մարկոս Աւրելիոս)։
«ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ»Ի ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ