
Հայոց կեանքին մէջ՝ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, 2019-ը յատկանշուեցաւ իբրեւ յոբելենական տարի, երբ կազմակերպուեցան իւրայատուկ ձեռնարկներ, որոնց ընդմէջէն մեծարուեցան 1869-ին ծնած չորս հայ հանճարները՝ Լեւոն Շանթ, Կոմիտաս վարդապետ, Յովհաննէս Թումանեան եւ Երուանդ Օտեան:
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը 2019-ի իր եզրափակիչ հանդիսութեամբ, Կիրակի, 8 Դեկտեմբերի յետմիջօրէին, Կլենտէյլի Հանրային գրադարանի սրահին մէջ մեծարեց չորս հանճարեղ յոբելեարները:
Ձեռնարկին ներկայ եղան Արեւմտեան թեմի առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, յանուն առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի՝ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի եւ կոմիտէներու ներկայացուցիչներ, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ անդամներ, ազգային, քաղաքական, մշակութային եւ բարեսիրական միութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներ, հիւրեր, մշակութասէր հայորդիներ եւ Համազգայինի մեծ ընտանիքին պատկանող ընկեր-ընկերուհիներ:
Գրադարանի բեմը եւ սրահը յարդարուած էին օրուան խորհուրդին համահունչ պատկերազարդ պատառիկներով. բեմին վրայ էին գիրքերէ նմուշներ եւ դիմանկարները յոբելեարներուն, նաեւ հայ մշակոյթը խորհրդանշող գորգեր, իրեր, ծաղկեփունջեր, որոնք «Վերնատուն»ը կը խորհրդանշէին:
Յայտագիրին գործադրութենէն առաջ, մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգուեցաւ 31 տարիներ առաջ Հայաստանը հարուածած երկրաշարժի զոհերուն յիշատակը:
Հանդիսութիւնը բացուեցաւ կոմիտասեան «Հայր Մեր»ի յոտնկայս ունկնդրութեամբ, երգեցողութեամբ՝ Համազգայինի «Յ. Թումանեան» մասնաճիւղի միամեայ կեանք ունեցող «Արփա» երգչախումբին, խմբավարութեամբ՝ դոկտ. Էլիպս Մասեհեանի:
Հանդիսավարութիւնը ստանձնած էր Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անդամ Սեդա Գրիգորեան, որ փոխանցեց վարչութեան խօսքը՝ նշելով, որ 1869-ին, հայ ստեղծագործ ոգին հայ ազգին համար եղաւ սրբօրէն բեղուն ու օրհնաբեր, երբ նոյն տարին աշխարհ եկան չորս հանճարներ՝ թատերագիր Լեւոն Շանթ, երգիծաբան Երուանդ Օտեան, բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեան, երաժշտագէտ Կոմիտաս վարդապետը: «Քառագագաթ հայ հանճարին նուիրուած այս հանդիսութեամբ մենք մեզ բախտաւոր կը զգանք, որ այսօր միասնաբար կը տօնենք չորս մեծերուն ծննդեան 150-րդ տարեդարձները եւ մեր խոնարհումը կը բերենք անոնց վաստակին ու մեզի աւանդ թողած մշակութային արժէքներուն», ըսաւ ան: