
«Ազդակ» օրաթերթ.- Ուրբաթ, 24 Մայիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Սին Էլ Ֆիլի «Նեպիլ Քահհալէ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու պալէի դպրոցի աշակերտներուն հետաքրքրական ելոյթը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ պարուսոյց Ժաքլին Մակինեանի:
Հերթաբար բեմ բարձրացան տարբեր տարիքի աշակերտներ, որոնք, միջազգային երաժշտութեան ընկերակցութեամբ, հանդէս եկան տարբեր պարերով, որոնք բաւական բծախնդրութեամբ պատրաստուած էին: Ոգեւորիչ ու խանդավառող էր բոլորին ներկայութիւնը բեմին վրայ, իւրաքանչիւրը իր տարիքին համապատասխան, ձեռք ձգած կարճատեւ փորձառութեամբ, ունեցած տաղանդով ներկայացաւ հանդիսատեսին, որուն բուռն ծափողջոյնները բաւական քաջալերական էին:
Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիսութիւնը պալէի դպրոցին տարեկան ելոյթն էր, երբ աշակերտները իրենց ծնողներուն եւ հանրութեան կը ներկայացնեն տարուան ընթացքին իրենց սորվածը, հետեւողական փորձերուն արգասիքը: 58 աշակերտներէն իւրաքանչիւրը ունէր իր իւրայատկութիւնը, պարերը հրամցնելու ոճը, ոմանց մօտ յստակ էր տաղանդի ցայտուն ներկայութիւնը, ուրիշներու մօտ կար սէրը պարին նկատմամբ եւ փորձը` լաւագոյնը տալու: Շատ ոգեւորիչ էին մանուկներուն ու փոքր պատանիներուն պարերը, որոնք մանկութեան անմեղութիւնն ու պարզութիւնը փոխանցեցին սրահը լեցուցած հանդիսատեսներուն:
Յատկանշական էր հիւրաբար Լիբանան գտնուող Փիւնէ Սաֆայէի մասնակցութիւնը այս ելոյթին` զոյգ մենապարերով: Ան աշակերտն է Ժաքլին Մակինեանի, որուն նկատմամբ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բեմէն, նաեւ յատուկ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց ծնողներուն:
Ողջունելի է պալէի դպրոցին աշխատանքը, ի գործ դրուած ճիգը, որովհետեւ այս երկուքին շնորհիւ կարելի է աւելի յառաջ երթալ, մասնագիտացման ուղին բռնել եւ Համազգայինի միւս միաւորներուն նման այս դպրոցին մէջ եւս համախմբել հայ մանուկներ, պատանիներ ու երիտասարդներ` հայկական միջավայրի մէջ անոնց հայկական արուեստ ու մշակոյթ փոխանցելով: