
Նէա Զմիռնիի քաղաքապետութեան կողմէ ամէն տարի կազմակերպուող Մայիս 1-ի գեղարուեստական տօնակատարութիւնները, այս տարի եւս, ընդգրկեցին բազմազան ու բազմաբնոյթ ելոյթներու շարք մը, որոնք եկան ամրապնդելու աւանդականօրէն իրագործուող ելոյթները, որպէս քաղաքապետութեան կառուցային բնոյթի ամբողջութիւն մը, որ ժողովուրդը այնքան մեծ սիրով կը սպասէ ու կը մասնակցի անվերապահ խանդավառութեամբ:
Վերջին տարիներուն, քաղաքապետութեան կեդրոնական հրապարակէն տողանցած են անուանի արուեստագէտներ՝ իրենց դրոշմը դնելով քաղաքապետութեան մշակութային պատմութեան մէջ:
Այս տարուան ելոյթները ընդգրկեցին գիրքի ու նկարչական ցուցահանդէսներ, ներկայացումներ, համերգներ, եւայլն: Կիրակի՝ 5 Մայիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 8-ին, օրուան յայտագիրը կ‘ընդգրկէր ժողովրդային պարերու ճոխ յայտագիր մը, որուն ծիրէն ներս մասնակցեցան մօտ 10 տարբեր պարախումբեր, որոնց կարգին հրաւիրուեցաւ պարելու Յունաստանի «Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան պարի միաւորի «Նանոր» միջնեկներու պարախումբը: