Եւրոպա
Շրջանային Վարչութիւններ

«Ազատ Օր» օրաթերթ.- »Հ.Յ.Դ Աթէնքի «Գ. Լազեան» կոմիտէի եւ Վիրոնայի քաղաքապետութեան միջեւ գործակցութեան ծիրէն ներս, Համազգայինի «Նանօր» պարախումբը, պարուսուցութեամբ Աննա Պօղոսեանի մասնակցեցաւ Վիրոնայի կեդրոնական հրապարակներէն մէկուն վրայ տօնական միջոցառումներուն եւ պարեց երեք հայկական ժողովրդային պարեր։
Կոմիտէի անունով խօսք առաւ Յովհաննէս Ղազարեան եւ ներկայացուց պարախումբն ու անոր պատասխանատուն։ Նշենք որ, ելոյթին մասնակցեցան նաեւ յունական պարախումբեր եւ երգչախումբեր, իսկ ներկայ եղող բազմաթիւ հանդիսատեսները ջերմօրէն գնահատեցին հայ պատանիներու տպաւորիչ պարերը։