
UNESCOի Փիրէայի բաժանմունքի Պարի Միջազգային Խորհուրդը, պատմական տուեալներ վկայակոչող անդրադարձով՝ երաժշտապարային երեկոյ մը կազմակերպեց, նուիրուած Փոքր Ասիոյ տեղահանութիւններուն, հալածանքներէ ու ջարդերէ մազապուրծ փրկուած, տառապած ժողովուրդներու ոդիսականներուն՝ «Անոնք յաջողեցան ապրիլ, պարել ու երգել...» ընդհանուր խորագրով եւ ընդգրկելով արկածալից այդ ճակատագրին բռնօրէն ենթարկուած ազգերու գաղթականական-ողբերգական երթի տուեալները։
Երգապարային այս ելոյթին ներկայացուեցաւ իւրայատուկ յայտագիր մը, ներառնելով Թրակիոյ, Պոնտոսի, Կապադովկիոյ, Իզմիրի եւ այլ շրջաններու ազգագրական, ժողովրդային ու աւանդական պարեր, յարգելու, այլեւ գօտեպնդելու համար աւանդական դարձած ժողովուրդներու կամքն ու անոնց կեանքի շարունակութիւնը՝ ապահով ու երաշխաւորող ապագայի վճռակամութեամբ։
Տպաւորիչ այս ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի՝ 9 Նոյեմբեր 2015-ի երեկոյեան, «Միխալիս Քաքոյեանիս» հաստատութեան ընդարձակ թատրոնէն ներս, Փիրէոս 206, Թաւրոս։