
Կիրակի, 5 Մայիս 2019-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Կիպրոսի Համազգային Մշակութային եւ Կրթական Ընկերակցութեան պարախումբերու տարեկան ելոյթը, մասնակցութեամբ Նիկոսիոյ «Սիփան», Պաֆոսի՝ «Անի» եւ մանկապատանեկան «Նանոր» պարախումբերուն, հովանաւորութեամբ Կիպրոսի Կրթութեան եւ Մշակոյթի նախարար Կոստաս Խամպիաուրիսի եւ Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի եւ ներկայութեամբ խորհրդարանի նախագահ Տիմիթրիս Սիլլուրիսի։
Այս տարուան ելոյթը ձօնուած էր Հոկտեմբեր 2018-ին մահացած՝ աշխարհահռչակ երգիչ ու երաժիշտ Շարլ Ազնաւուրին։ 800-է աւելի հանդիսատեսներ, որոնցմէ շուրջ 200-ը պաշտօնական հիւրեր, ծայրէ-ծայր լեցուցած էին Ստրովոլոսի Քաղաքապետարանի Թատերասրահը։
Յայտագրի առաջին մասով երեք պարախումբերը ներկայացուցին ազգագրական եւ մանկական զանազան պարեր, իսկ երկրորդ բաժինը ամբողջութեամբ նուիրուած էր Շարլ Ազնաւուրին։ Մեծ երգիչին մեկնաբանած հանրածանօթ երգերուն ընկերակցութեամբ՝ «Սիփան» պարախումբը ներկայացուց անոր կեանքին զանազան դրուագները, պարարուեստի բարձր որակով ու մակարդակով։ Գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց, լիբանանահայ Գրիգոր Քէլէշեան իր մտայղացումով ու բեմադրութեամբ այս երեկոյ ինքզինք գերազանցեց, պարախումբը բարձրացնելով պարարուետի նոր մակարդակի, որ ներկաներուն կողմէ ընդունուեցաւ երկարատեւ ծափահարութիւններով։
Իսկ յայտագրի գագաթնակէտը հանդիսացաւ “Avec un brin de nostalgie” երգը, որ Ազնաւուրի ձայնին հետ որպէս զուգերգ եզակի զգայնութեամբ մեկնաբանեց լիբանանահայ երգիչ Gilbert Simon-ը։
Վերջաւորութեան բեմ բարձրացան երեք պարախումբերու 130 անդամները եւ անոնց ու հանդիսատեսներուն ուրախ ու խանդավառ ծափահարութիւններով փակուեցաւ Համազագայինի պարախումբերու 20-րդ տարեկան ելոյթը, ապագայի նկատմամբ վառ պահելով մեր յոյսերն ու սպասումները։