
Վերապրող ու աշխարհացրիւ հայութեան հիմնական յատկանիշը, ամենուրէք, եղած է հայապահպանումի եւ հայութեան արդար իրաւունքներու հետապնդման պայքարը։ Երկու գերագոյն այս նպատակները յաջողցնելու մղումով՝ Թուրքիոյ ափամերձ Ռոտոս կղզիին մէջ վերջերս հիմնադրուեցաւ Համազգայինի Ռոտոսի վարչութիւնը, որ նորաստեղծ ըլլալով հանդերձ՝ շատ խանդավառ եւ աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալէ։
Այսպէ՛ս, Կիրակի՝ 7 Փետրուար 2016-ի կէսօրին, Ռոտոսի կեդրոնական SEMIRAMIS հիւրանոցին մէջ, տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Տիգրան Երկաթ» վարչութեան կազմակերպած գաթայի հաւաքոյթը, պանդոկի ծայրէ ծայր լեցուն սրահին մէջ, յոյն պաշտօնական հիւրերու ներկայութեան։ Արդէն, այս ձեռնարկը յաջողցնելու աշխատանքը շատ կարճ ժամանակի մէջ իրագործուեցաւ, Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ Համազգայինի տեղւոյն վարչութեան ծրագրային ու կազմակերպական հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ։