
Շաբաթ, 4 Մայիս, 2019-ի երեկոյեան, բաց աչքերով վկան եղանք գողտրիկ հրաշքի մը, որ կատարուեցաւ Փասատինայի «Փազնազ» աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ: Հրաշագործը Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի «Սայաթ Նովա» երգչախումբն էր, ընկերակցութեամբ նոյնքան հրաշալի սիմֆոնիք նուագախումբին: Զոյգ խումբերուն առաջնորդութիւնը ստանձնած էր ղեկավար Միքայէլ Աւետիսեան: Այդ գիշեր, լոսանճելըսահայութեան կեանքին մէջ իրաւամբ արձանագրուեցաւ գեղարուեստական վայելքի նոր բարձունք մը՝ շնորհիւ Միքայէլ Աւետիսեանի եւ Գայեանէ Պաղտասարեանի ղեկավարութեամբ բեմ բարձրացած Համազգայինի «Սայաթ Նովա» սիրողական երգչախումբի գրեթէ անթերի եւ մասնագիտական մակարդակի կատարողութեան:
Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին եւ «Սայաթ Նովա» երգչախումբի հիմնադրութեան տասնամեակին նուիրուած Համերգին ներկայ էին Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, առաջնորդական փոխանորդ Կիլիկիոյ Հայոց թեմի, հոգեւոր հայրեր, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի, Փասատինայի «Լեռնավայր» կոմիտէութեան ներկայացուցիչներ, Համազգայինի Կեդրոնական, Շրջանային եւ տեղական վարչութեանց անդամներ եւ բազմահարիւր մշակութասէր հայորդիներ, որոնք ամբողջ երկու ժամ շունչերնին բռնած՝ վայելեցին հայկական երաժշտութեան երանգները (դասական, ազգային-յեղափոխական, ժողովրդական…), յօրինուած՝ հեզասահ անցումներու շքեղ ճարտարութեամբ մը:
Երեկոյթը սկսաւ տպաւորիչ եւ աննախադէպ կենդանի պատկերով մը՝ կոմիտասեան «Օրօր»ով, զոր ներկայացուցին Grand Stage Dance Studio-ի սաները, հեղինակութեամբ Գայեանէ Պաղտասարեանի: Հոյակապ մտայղացում մը, որ առաջին իսկ վայրկեանէն ելեկտրականացուց մթնոլորտը, բեմ ու սրահ դարձուց հաղորդակից իրարու, այլեւ կոմիտասեան շունչին տուաւ թեւեր, ալեկոծեց ներկաներուն հոգիները այնպէս, որ մթնոլորտը ողողուեցաւ հայկականութեան պաղպաջուն ոգիով:
Խումբ մը սաներ բացառիկ կատարողութեամբ թարգմանը հանդիսացան Կոմիտաս վարդապետի կեանքին յատկանշական դրուագները ներկայացնելով «Օրօր»ին հետ միաձոյլ՝ ազգային աղէտն ու թախիծը, կոմիտասեան իրականութիւնն ու երեւակայութիւնը շքեղօրէն ընդելուզելով իրարու՝ իբրեւ գեղեցիկի եւ վսեմի համադիր ամբողջութիւն, մենակատարութեամբ Նաթալի Պուիքեանի:
Կենդանի պատկերին յաջորդեց Կոմիտասի «Ազգային օրհներգ»ը՝ թափ տալով երգչախումբի 48 չափահաս անդամներու կատարողութեան: Խնամուած եւ անցումային ճարտարութեամբ յագեցած համերգով երգչախումբը ներկայացուց դասական եւ ժամանակակից երաժշտագէտ-յօրինողներէն նմուշներ. առաջին բաժինով կատարուեցան «Կոմիտասեան» (մշակումը Սուրէն Խաչատուրեանի), «Նարօ Ջան» (Բարսեղ Կանաչեան), «Ո՜վ Հայոց Աշխարհ» (Մակար Եկմալեան), «Երազ իմ Երկիր» (Ռոպերթ Ամիրխանեան) եւ «Մարգարտաշար» (Ռուբէն Ալթունեան) խմբերգները: