
ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին հովանաւորութեամբ, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան դարադարձին նուիրուած Համազգայինի «Սայաթ Նովա» երգչախումբի համերգը՝ մասնակցութեամբ Համազգայինի «Անի» պարախումբին եւ ազգային-յեղափոխական երգերու մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեանի, տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 5 Մայիս 2018-ին, Փասատինայի Փազնազ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ուր 1400 հանդիսատեսներ հրճուանքով ըմբոշխնեցին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ձօնուած սոյն ելոյթը՝ «Սայաթ Նովա» երգչախումբի իւրայատուկ երգերու ընտրանիով, «Անի» պարախումբի սքանչելի պարերով եւ մասնակցութեամբ յեղափոխական երգերու մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեանի, ներկաներուն տալով այն երաշխիքը, թէ իննսունամեայ Համազգայինը, հաւատարիմ իր առաքելութեան՝ ջահակիրն է հայ մշակոյթին եւ կը նուաճէ նոր բարձունքներ յանուն հայ արուեստին, երբ մանաւանդ երաժիշտներու սիրտերէն ու հոգիներէն բխող երգերը առուակի մը նման կու գային թափելու ներկաներու սիրտերուն եւ հոգիներուն մէջ։
Թէ ինչո՞ւ անհրաժեշտ էր երգչախումբ մը ունենալ, երբ հարիւրաւոր երգիչներ եւ երգչուհիներ սրճարաններու մէջ կամ այլ բեմերէ կը ներկայացնեն երաժշտական ճոխ երեկոներ: Զանազան առիթներով ալ երգիչներ կը ժամանեն հայրենիքէն:
Երգչախումբերու աշխարհը բոլորովի՛ն տարբեր է: Երգչախումբը ընդհանրապէս կ՛ունենայ բազմազան եւ մեծ խնամքով ընտրուած երգացանկ, որ զուարճացնելու կողքին կը հետապնդէ վեհ գաղափարի մը ծառայելու նպատակը: Աւելի՛ն, երգչախումբերը կը ծառայեն իբրեւ երաժշտական դպրոց-ուսումնարան՝ առիթ ընծայելով սիրողական երաժիշտներուն եւ երգողներուն, որ զարգացնեն իրենց հմտութիւնները: Երգչախումբերը ձգողական ուժ ունին ունկնդիրներ ներգրաւելու իրենց պատկանած կազմակերպութենէն ներս: Անդամները կը սորվին աշխատիլ բազմանդամ խմբաւորումի մը բազմատեսակ մարդոց հետ եւ այնպէս կը թրծուին, որ վարժութիւն ձեռք կը ձգեն միասին գործելու, իրարու ունկնդրելու եւ պատրաստակամութիւն ունենալու փոխադարձ օգնութեան: Հարկ է վկայել, որ Գայեանէ Պաղտասարեան եւ Միքայէլ Աւետիսեան կրցան այս ունակութիւնները ներարկել իւրաքանչիւր անդամի, երբ երգելու հմտութիւնը տակաւ առ տակաւ ուսուցանեցին ձայնամարզութեան ընդմէջէն, այնքա՛ն, որ երգչախումբի կարգ մը անդամներ կը վկայէին, թէ իրենց վարժանքները կը նմանէին երաժշտական դպրոց յաճախողի մասնագիտական դասընթացքին:
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: