
Շաբաթ 12 Յունուար 2019-ի երեկոյեան ժամը 8-ին, Հայ Կեդրոնի Աւետիս Ահարոնեան սրահի մէջ համախմբուած էին շուրջ 200 համազգայնականներ եւ Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղի սատար կանգնող ազգայիններ, ընկերային ջերմ մթնոլորտի մը մէջ, միասնաբար նշելու Ամանորը։
Մոնթրէալի «Սանահին» մասնաճիւղի Վարչութեան անունով, բարի գալուստի խօսքով, ձեռնարկին բացումը կատարեց մասնաճիւղի ատենապետուհի Թամար Շահինեան։ Ան իր խօսքին մէջ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, որոնք տարեշրջանի ընթացքին իրենց մասնակցութիւնը բերին, օժանդակելով Համազգայինի բոլոր ձեռնարկներուն, ըլլան անոնք պաշտօնեաներ թէ յանձնախումբերու անդամներ, երգչախումբի, պարախումբի, թատերախումբի, գրատարածի, «Մ. Իշխան» գրադարանի, Փոքրերու պատմութեան ժամի եւ Համազգայինի Ակումբներու անդամներ։ Ընկերուհին յիշեց, թէ Համազգայինը այսօր կ'ապրի եւ հայ մշակոյթն ու կրթութիւնը կը փոխանցէ հանրութեան շնորհիւ, սիրայօժար իրենց պատասխանատուութիւնը վերցնող նուիրեալներուն: Այս առթիւ Տարուան գնահատագրին արժանացաւ Համազգայինի Գրատարածի պատասխանատու Ռաքէլ Տէմիրճեանը։ Ընկհ. Շահինեան անոր հակիրճ կենսագրականը ներկայացնելէ ետք, անդրադարձաւ անոր բեղուն գործունէութեան եւ ըսաւ. «Համազգայինը հպարտ է իր ընտանիքին մէջ ունենալու Ռաքէլին նման անդամներ, որոնք կը դրսեւորեն մեր առաքելութիւնը վառ պահելով հայ գրականութիւնն ու կամաւոր աշխատանքի ոգին։ Համազգայինի ընտանիքին մէջ, դժուար պիտի ըլլար գտնել այսքա՛ն նուիրեալ, այսքա՛ն հոգատար եւ զոհուող միութենական մը, որ աւելի քան քսան տարիներէ ի վեր, ամէն կիրակի, անխտի՛ր, Ահարոնեան սրահին մուտքին, կը զետեղէ մեր փոքրիկ վաճառատունը, որ կը ներկայացնէ թէ՛ իր ներքին աշխարհը եւ թէ իր զոհաբերութեան ոգին»։
Սոյն երեկոյին, քաջալերելի էր երիտասարդներու ներկայութիւնը, իսկ գեղարուեստական յայտագիրը ճոխ էր ասմունքներով, ուր իրենց կատարումներով հանդէս եկան Գարեգին Կիւրիւնլեան եւ Արփի Սողոմոնեան, իսկ մեներգներով հանդէս եկան Լաուրա Պէրպէրեան, Անիթա Թոպի եւ Ֆլորա Արդինեան։ Մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին երկու ընկերային խաղերը, զորս կազմակերպած էր Ատոմ Մալխասեանը՝ լաւագոյն ձիւնամարդի պատրաստութիւնն ու փուչիկներով վազքի մրցոյթը։ Երեկոյի ընթացքին, խումբ մը սեղանակիցներ խանդավառուելով տաք մթնոլորտէն, երգչախումբ մը կազմեցին եւ ներկայացուցին Կաղանդ Պապային երգը, ղեկավարութեամբ Ատոմ Մալխասեանի, ապա «Երեւան-Երեբունի» երգով հանդէս եկաւ նաեւ «Քնար» երգչախումբը։ Տեղի ունեցաւ կարկանդակներու հատում՝ տարեշրջանի ընթացքին «Քնար» երգչախումբի ելոյթին եւ «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբի «Բաբելոնի Աշտարակը» ներկայացումին առթիւ։
Ապա Լեւոն Գաբրիէլեան իր զաւեշտով ու թատերական տաղանդով զուարճացուց ներկաները, ներկացնելով «Հին ու Նոր Խոհանոցը» մենախօսութիւնը։
Տեղի ունեցան նաեւ ելոյթներ, Համազգայինի զոյգ «Անի» պարախումբի անդամներու կատարողութեամբ։ Աւարտին վաճառուեցան վիճակահանութեան տոմսեր, եւ տեղի ունեցան նուիրատուութիւններ, որոնց հասոյթը նպաստեց ձեռնարկին ծախսերուն։ Մեր նուիրատուներու ցանկը կարելի պիտի ըլլայ հրապարակել Հորիզոն թերթի ապագայ թիւին մէջ։
Երեկոն շարունակուեցաւ ընկերային հաճելի մթնոլորտի մը մէջ, խինդ ու խաղով, քէֆ ու պարով։ Հայկական ամանորը, հայկական աւանդութեան համաձայն այդպէս պէտք էր դիմաւորել: Ներկաները մեծ գոհունակութեամբ մեկնեցան սրահէն, հպարտութեան եւ երախտապարտութեան զգացումներով, որոնք մաս կը կազմեն Համազգայինի մեծ ընտանիքին:
Համազգային «Սանահին» մասնաճիւղի վարչութիւն