
Շաբաթ, 10 Յունուար 2015-ին, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահէն ներս Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղը կազմակերպած էր իր տարեկան Ամանորի հաւաքոյթը, որուն ներկայ էին շուրջ 200 համազգայնականներ:
Երեկոյեան ընթացքին գործադրուեցաւ ճոխ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին ասմունքեցին Սեւան Թասլաքեան, Անահիտ Պալեան, Լիւսի Ալեքսանեան եւ Վարդգէս Քիւփէլեան. վերջինիս Աւետիս Ահարոնեանէն «Արմենիա» արձակ գրութեան ասմունքը արժանացաւ ներկաներու յոտնկայս ծափերուն:
Մեներգներով բեմ բարձրացան Թամար Փանոսեան, Սեւան Աբանեան եւ Անիթա Թոպի: Նորութիւն էր Ս. Յակոբ Վարժարանէն 5 շրջանաւարտներէ բաղկացած նորակազմ «Զարթօնք» խումբը, որ իւրայատուկ մեկնաբանութեամբ վերակենդանացուց շարք մը ժողովրդական երգեր:
Երեկոյեան ընթացքին Սանահին մասնաճիւղի վարչութիւնը գնահատագրով մը պատուեց ընկերուհի Նորա Կիւրիւնլեանը, իր երկարամեայ ծառայութիւններուն համար, իսկ Պետրոս Ադամեան թատերախումբէն Լեւոն Գաբրիէլեան վարեց արուեստի գործի աճուրդ մը:
Հաւաքոյթին առթած կերուխումի եւ պարերու տօնական մթնոլորտին վայելքի ապրումով, ներկաները բարձր տրամադրութիւններով մեկնեցան սրահէն: