
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղին, Կիրակի, 10 Յուլիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Սարդարապատ» եւ «Շուշի» զոյգ պարախումբերու տարեկան ելոյթը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Վրէժ եւ Նանոր Թերզեաններու, ներկայութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, կաթողիկէ եւ աւետարանական համայնքներու, Ազգ. Վարչութեան, հալէպահայ մարզական, մշակութային ու բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներուն:
Հանդիսութիւնը սկսաւ Հայաստանի եւ Սուրիական հանրապետութիւններու զոյգ քայլերգներով, ապա հանդիսականները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին սուրիական հայրենիքի նահատակներուն յիշատակը, որմէ ետք արաբերէն բացման խօսք արտասանեց Լիզա Մինասեան, շեշտելով պարարուեստի կարեւորութիւնը մարդկային կեանքին մէջ ու ըսաւ. «Պարը ազգի մը փառաւոր պատմութեան արտայայտութիւնն է, մարդկութեան ապրումները արտայայտող առաջին միջոցը: Պարը կ՛ազնուացնէ հոգին եւ ուրախութիւն կը ներշնչէ, մանաւանդ երբ զայն կատարողները եռանդուն փոքրեր են եւ ճկուն պատանիներ, որոնց պիտի տեսնէք այսօր, այս բեմին վրայ, «Սարդարապատ» եւ «Շուշի» պարախումբերու ելոյթներով»:
Հայերէն բացման խօսք արտասանեց Մարինէ Մարգարեան, որ ըսաւ. «1967-ին ծնունդ առած Համազգայինի Հալէպի երգի-պարի խումբը այսօր արդէն իր յիսնամեակի սեմին է: Երկար տարիներու այս երթը բարեբեր արգասիքն է հալէպահայ հաւատաւոր հայորդիներու անխոնջ աշխատանքին: Պարախումբը իր ուղեւորութեան ընթացքին նուաճած է զանազան բարձունքներ, շնորհիւ իր պարուսոյցներուն, որոնց հետեւողական ջանքերով «Սարդարապատ»ը հասած է պատուաբեր դիրքերու: 2003-ին տեղւոյն վարչակազմերը անհրաժեշտութիւն համարած են հիմը դնելու մանկապատանեկան պարարուեստի դպրոցի մը, ուստի Հալէպի ծոցէն ծնած է «Շուշի» մանկապատանեկան պարախումբը, որ կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ դարձած է շնչող ներկայութիւն մշակութասէր հալէպահայութեան իրականութեան մէջ եւ իր ներդրումը ունեցած մարդուժի պատրաստութեան կենսական գործընթացին` երաշխաւորելով պարարուեստի բնագաւառէն ներս ուռճացող ապագայ սերունդի մը վառ պատկերը:
Այսօր «Սարդարապատ»ի եւ «Շուշի»ի միատեղ ելոյթի օդանաւային տոմսերով շրջագայութիւն մը պիտի կատարենք աշխարհի զանազան երկիրներ, ծանօթանալով անոնց մշակութային գոհարներուն, մեր առաջին ու վերջին կանգառը ունենալով Սուրիան եւ յատկապէս Հալէպը, ամրագրելով հալէպահայութեան աննկուն կամքն ու գոյատեւելու հաստատակամութիւնը»: