
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբին, Շաբաթ, 30 Յունուար 2016-ի երեկոյեան, Ս. Աստուածածին Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ «Յովհանեան» սրահին մէջ համազգայինի անդամներ եւ համակիրներ յիշատակելի երեկոյ մը անցուցին։ Սիրոյ թեմայով երգն ու ասմունքը, նուագը պարն ու զուարճալի խօսքերը պահ մը հեռացուցին բոլորը առօրեայ մտահոգութիւններէն եւ փոխադրեցին սիրոյ կախարդական աշխարհը, ուր հնչեցին Վարուժանն ու Մեծարենցը, Սահեանն ու Չարենցը, Կապուտիկեանն ու Սահակեանը, Տէրեանը, Սահեանը, Մնացականեանը, Գուսան Աշոտն ու շատ աւելին։
Գեղարուեստական բաժինը ունէր ընդհանրապէս անպաշտօն եւ մտերմիկ բնոյթ։
Մասնաճիւղի ատենապետ՝ Մեղեդի Էթիեմեզեանի հակիրճ խօսքին յաջորդեց օրուան թամադան, գրող եւ Համազգայինի հաւատաւոր անդամ՝ Ռուբէն Մնացականեան, որ ձեռնհասօրէն վարեց հաճելի ու անակնկալներով լի երեկոն։ Սեղաններուն վրայ զետեղուած էին թղթածրարներ, որոնք կը պարունակէին սիրոյ մասին գրուած զանազան բանաստեղծութիւններ եւ երգեր։
Համազգայինի Գրասէրներու անդամներէն իրենց մասնակցութիւնը բերին Վարագ Պապեանը, Արեն Մնացականեանը, Տարօն Հալլաճեանը, Սեւակ Յարութիւնեանն ու Թամար Տօնապետեանը տպաւորիչ ընթերցումներով, ասմունքներով եւ երգերով։ Տարօնն ու Արենը, առիթը օգտագործելով իրենց տպաւորութիւնները բաժնեցին Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքին մասին, քաջալերելով երիտասարդները, որ իրենց մասնակցութիւնը բերեն։
Հալէպէն գաղութս փոխադրուած գուսան Մհեր Մինասեանի կատարողութեամբ լսեցինք աշուղական եւ ժողովրդային երգերու ընտիր հաւաքածոյ մը։ Պէյրութէն՝ դերասան ու բեմադրիչ Յասմիկ Թաշճեան Պերթիզեան այլազան երգերով հանդէս եկաւ, խանդավառելով ներկաները։ Բազմաթիւ անհատներ, ներառեալ՝ Արշօ Զաքարեան, Տոքթ. Անի Հասըրճեան, Յակոբ Ճանպազեան, Արմինէ Թորիկեան, Արա Տէր Յարութիւնեան, Սոնա Յովհաննէսեան, Ժիրայր Յովհաննէսեան, Լեւոն Տանայեան, նաեւ փոքրիկներ Գայեանէ Յարութիւնեան եւ Լիլիթ Նաճարեան, երգեըով, ասմունքներով զուարճալի խօսքերով եւ նուագակցութեամբ առաւել եւս հարստացուցին ձեռնարկը։ Երաժշտութեան սարքաւորումի բաժինը ստանձնած էր Սեւակ Յարութիւնեան. ի հարկէ, այսպիսի առիթներով, շուրջպարը անխուսափելի երեւոյթ է։
Աւարտին, ներկաները համախմբուած երգեցին «Սարի սիրուն եար»ը: «Ես իմ անոյշ Հայաստանի»ի ասմունքով երեկոն հասաւ իր աւարտին։ Նշենք, որ սիրերգութեան երեկոները նորութիւն չեն Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղի ընտանիքէն ներս. աւանդութիւն դարձած այս ձեռնարկը մտայղացումն է Յասմիկ Պապեանի եւ տարիներ ի վեր, որոշ ընդհատումներով մինչեւ օրս կը շարունակուի, շնորհիւ գրական յանձնախումբի ժրաջան անդամներուն։ Թորոնթոյի ցուրտ-ձմրան, ներկաները ջերմացած սրտերով մեկնեցան։
Հանդիսատես մը